image

Պուրճ Համուտի մէջ. Երիտասարդականի նահատակներու  յիշատակի հաւաք

Պուրճ Համուտի մէջ. Երիտասարդականի նահատակներու  յիշատակի հաւաք

Պէյրութի մէջ, օրերս, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, տեղի ունեցած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ոգեկոչում։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2024-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ,  կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն` ներկայութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» եւ «Ռուբեն» կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն:

Նախօրօք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղէն անդամներ այցելեցին իրենց մասնաճիւղի նահատակներէն` Վարուժան Թելաքեանի, Երուանդ Խզարճեանի, Րաֆֆի Զատիկեանի եւ Վրէժ Ասլանեանի ընտանիքներուն: ԼԵՄ-ականները ընտանիքներուն հրաւիրեցին կիրակի օր կայանալիք «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան եւ ոգեկոչումին, ինչպէս նաեւ  յանձնեցին ԼԵՄ-ի 2025 տարեշրջանի օրացոյցը:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչում, ուր Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեան աղօթեց նահատակներու հոգիներուն համար:

Բացման խօսքը կատարեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի վարչութենէն Ներսէս Ապրիլեան` վերյիշեցնելով Յարութ Խշուաճեանի խօսքը, թէ` «Ազգային ինքնավստահութիւնը չի՛ մեռնիր: Ո`չ մէկ արտաքին ու բռնի ուժ կրնայ ազգի մը անհատներուն մէջ մեռցնել ազգային ոգին եւ պատմութիւնը, երբ ժողովուրդը չէ կորսուած, չէ կտրուած անցեալէն: Ազգութիւնը մնայուն է: Անիկա է յաւիտենական արժէքը»:

Ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամներ Լորի Յովսէփեան, Գէորգ Մարգարեան, Քրիսթինա Աւետիսեան եւ Սէրլի Ճենանեան ներկայացուցին նահատակներուն` Վարուժան Թելաքեանի, Անդրանիկ Տումանեանի,  Երուանդ Խզարճեանի, Վրէժ Ասլանեանի, Յարութ Խշուաճեանի, Հրայր Վարդանեանի եւ Րաֆֆի Զատիկեանի կենսագրականն ու տիպարը` յիշելով, թէ անոնք պատանի տարիքէն իսկ ունէին դաշնակցականի մը երկաթեայ կարգապահութիւնը` իւրաքանչիւր օր գործելով  յանուն նպատակի մը, որուն իրագործման համար պատրաստ էին մինչեւ իսկ իրենց կեանքերը զոհել:

Օրուան պատգամը յղեց ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հիմնադիր-ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան` նշելով, որ ԼԵՄ-ը հիմնուեցաւ իբրեւ դաստիարակչական միաւոր, սակայն այդ բոլորին կողքին, երբ հարկ եղաւ, ԼԵՄ-ականը դիմեց զէնքին` պաշտպանելու համար հայահոծ թաղամասերը: «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, հակառակ որ նոր հիմնուած էր, աշխուժ կերպով մասնակցեցաւ այս աշխատանքներուն, եւ անոր անդամները մնացին պատնէշի վրայ: Ճինպաշեան հաստատեց, որ այս բոլորին օրինակն են «Շիրակեան»-ի նահատակները, եւ այնքան ատեն որ անոնց յիշատակը վառ կը մնայ մեր մէջ, նոր սերունդները պիտի դաստիարակուին ու գործեն իրենց օրինակով:

Ոգեկոչման ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ի երգեցողութեամբ, որմէ ետք մատուցուեցաւ հոգեսուրճ: