Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածներ հասցուցած են Սուրիոյ տարածքին՝ թիրախաւորելով լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան հետ կապուած ռազմական կառոյցները։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
«Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հետախուզական հարուած հասցուցած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմանային անցակէտերու մօտ տեղակայուած ռազմական ենթակառուցուածքներուն, որոնք աշխուժօրէն կ՚օգտագործուէին «Հըզպալլա»-ի կողմէ Սուրիայէն Լիբանան զէնք տեղափոխելու համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: