Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ իսրայէլեան բանակին կարգադրած է պատրաստուիլ «բուռն պատերազմի», եթէ «Հըզպալլա»-ն խախտէ հրադադարի ռեժիմը։ Այդ մասին հաղորդած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը:
«Եթէ տեղի ունենայ համաձայնագրի զանգուածային խախտում, ես Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին հրահանգած եմ պատրաստուիլ լայնամաշտապ պատերազմի», - Նաթանիահուն ըսած է Channel 14-ին տուած հարցազրոյցին։
Կազայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, որ համաձայնած է «Համաս»-ի հետ պատերազմի դադարին։
«Ես պատրաստ եմ հրադադարի հարաւին մէջ, երբ վստահ ըլլանք, որ կը կարողանանք հասնիլ պատանդներու ազատ արձակման», - ըսած է ան, աւելցնելուվ՝ «Ես պատրաստ եմ հրադադարի՝ որեւէ ժամանակ»։
Անոր կարծիքով՝ զգալիօրէն բարելաւուած են «Համաս»-ի հետ գործարք կնքելու պայմանները։
««Համաս»-ը յոյս ունէր, որ Իրանը կու գայ իրեն փրկելու, բայց այդ տեղի չունեցաւ: Ան յոյս ունէր, որ հուսիները կու գան իրեն փրկելու, բայց այդ տեղի չունեցաւ։ Բայց ամէնէն շատ ան յոյս ունէր, որ «Հըզպալլա»-ն կու գայ իրեն փրկելու։ «Հըզպալլա»-ն չկայ: Ահա թէ ինչու ես կը կարծեմ, որ պայմանները շատ փոխուած են դէպի լաւը», - պարզաբանած է վարչապետը:
Իսրայէլի զինուորականները եւ «Հըզպալլա»-ն նոյեմբեր 27-ին դադրեցուցած են ռազմական գործողութիւնները։ Կողմերը պայմանաւորուած են, որ լիբանանեան բանակը պիտի վերականգնէ վերահսկողութիւնը Իսրայէլի հետ սահմանակից տարածքներու նկատմամբ, իսկ «Հըզպալլա»-ի ուժերը պիտի նահանջեն իսրայէլալիբանանեան սահմանէն մօտաւորապէս 40 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Կողմերը, սակայն, զիրար մեղադրած են հրադադարը խախտելու մէջ։