image

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները ՝ 2017-ի՞ն

Լիբանանի  խորհրդարանական  ընտրութիւնները ՝  2017-ի՞ն

Լիբանանի   քաղաքական   ծիսակարգին    մէջ    նոր խմորումներ կը կատարուին:  Այս մասին առաջին ազդանշանը  տրուած է  խորհրդարանի  նախագահ Նէպիհ Պըրրի կողմէ, որ    խօսած է նոր նախաձեռնութեան մը մասին, որուն   գլխաւոր  կէտը   խորհրդարանական ընտրութիւններու  կայացումն է:   Լրատուական  աղբիւրներ եւս կը խօսին  այդ նախաձեռնութեան մասին նշելով, որ Պըրրին   առաջադրանքները կը վայելեն  Ուաշինկթընի   «օրհնութիւն»ը:  Կը խօսուի նաեւ, որ Պըրրի, եթէ ներքին   զօրակցութեան  կարեւոր  բաղադրիչները  ապահովէ (եւ կրնայ ապահովել)  յառաջիկայ  ընտրութիւնները   պիտի կայացուին յառաջիկայ  2017   տարուան  մայիսին:  Այս բոլորին առընթեր  կարմիր թելի մը նման երեւելի կը դառնայ Լիբանանի մէջ առկայ «Սթաթուս քո»ի  պահպանումը: Այսինքն  առաջին՝ Լիբանանը հեռու պահել Սուրիոյ պատերազմէն եւ երկրորդ՝ կատարել ամէն ինչ, բացի նախագահական ընտրութիւնէն:

 Այս  իրադրութեան  առջեւ կարեւոր  մարտահրաւէրի առջեւ են նաեւ հայկական  քաղաքական  կուսակցութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը   պիտի  պատրաստուի այս ընտրութիւններուն:  Հայկական իմաստով ներքին ճակատին վրայ մտահոգիչ   վարկածներու մասին խօսիլը  աւելորդ է, որովհետեւ  բոլոր կողմերը  լաւ գիտեն  ցայսօր  առկայ  ընդհանուր քաղաքական  քարտէզին կարմիր գիծերը:

Ամէն պարագայի  յառաջիկայ  ամիսները  շատ  բան ցոյց  պիտի տան այս օրակարգին  մասին ու աւելի յստակ պիտի դառնայ այն վարկածը, որ մինչեւ Սուրիոյ  տագնապին     նոր   հարթութեան   մը երթալը, Լիբանանը  պիտի շարւնակէ գոյատեւել առանց նախագահի: