image

Ատրպէյճանի ընտրութիւնները մեծ խախտումներով

Ատրպէյճանի  ընտրութիւնները մեծ խախտումներով

1 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի մէջ մեկնարկած է խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւնը։ Նախագահ Ալիեւ լուծարած է խորհրդարանը եւ արտահերթ ընտրութիւն նշանակած սեպտեմբերին՝ նոյեմբերին կայանալիք ՄԱԿ-ի կլիմայական գագաթնաժողովին նախապատրաստուելու նպատակով:

Առաջին անգամ ըլլալով ընտրութիւնը կը կատարուի առանց Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտորդներու եւ մամուլի, իշխանութիւններու քննադատներուն նկատմամբ մրցանիշային բռնաճնշումներու ֆոնին։ Այդ մասին հաղորդած է BBC։

Քուէարկութիւնը տեղի կ'ունենայ 125 ընտրատարածքի մէջ` ժամը 8:00-19:00-ն: 125 տեղի համար կը պայքարի 990 թեկնածու։ 

Ըստ Ատրպէէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալին` ժամը 15։00 դրութեամբ քուէարկած է ընտրողներու 29,49%-ը կամ 1,893,555 քաղաքացի։

Ընդդիմութիւնը պոյքոթած է ընտրութիւնը՝ մատնանշելով բազմաթիւ կեղծիքներն ու իրական մրցակցութեան բացակայութիւնը եւ երկրին մէջ մրցանիշային թիւով քաղաքական բանտարկեալներու առկայութիւնը։

Տեղական լրատուամիջոցները յայտնած են բազմաթիւ խախտումներու մասին՝ քուէաթերթիկներու շրջանառում, թեկնածուներու եւ լրագրողներու աշխատանքի խոչընդոտում, քաշքշուք եւ այլն։

Ատրպէյճանի «Ժողովրդական ճակատ» ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդը յայտարարած է, որ ընտրական համակարգը ոչնչացուած է, իսկ ներկայ իշխանութիւնը կ'օգտագործէ իր դիրքը բռնաճնշումներ իրագործելու համար։