Լիբանան- Լիբանանեան քաղաքացիական շարժումի աքթիւիսթներ այսօր երկրի քարտէզը պատկերած են աղբի սեւ տոպրակով: Աքթիւիսթները այս պատկերը (վերը երեւցող) տարածած են ընկերային ցանցերու վրայ: Նշենք,որ այսօր յետմիժօրէին սկիզբ առաւ աղբի խնդրի հանգուցալուծումը պահանջող աքթիւիսթներու հերթական բողոքի հաւաքը: Անոնք նոյնպէս կը պահանջեն կառավարութեան եւ խորհդարանին հրաժարականը: Աքթիւիսթները բարձրացուցած են բազմաթիւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է, թէ երկրի քաղաքական այս վերնախաւը նոյնիսկ արժանի չէ վերաձեւաւորման (Recycling):