image

Ուքրանիոյ պատերազմը արմատապէս պիտի փոխէ աշխարհի անվտանգութեան քարտէզը. Չաւուշօղլու

Ուքրանիոյ  պատերազմը  արմատապէս պիտի  փոխէ  աշխարհի անվտանգութեան քարտէզը. Չաւուշօղլու

Ուքրանիոյ պատերազմը արմատապէս պիտի փոխէ Պաղ պատերազմէն յետոյ անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը եւ շրջադարձային պահ է Եւրոպայի ապագային համար: Այս մասին ըսուած է Մայիս 9-ին՝ Եւրոպայի օրուան կապակցութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ուղերձին մէջ:

Անոր խօսքով` այսօր Եւրոմիութիւնը սպառնալիքներուն դիմակայելու ստուգումէ կ'անցնի: «Կատարուողի լոյսին տակ մենք կրկին համոզուեցանք, թէ որքան դժուար եւ արժէքաւոր է խաղաղութեան պահպանումը: 21-րդ դարուն Եւրոպայի սրտին մէջ ծաւալած ողբերգութիւնը գործնականին մէջ Եւրոպան կը վերադարձնէ 1940-ականներ, եւ այդ տագնապալի ազդանշան է բոլորիս համար... Բացի պատերազմներէն եւ հակամարտութիւններէն, Եւրոպայի վրայ մեծապէս կ'ազդէ համաշխարհային անորոշութիւնը, կլիմայի փոփոխութիւնը, ուժանիւթային կախուածութիւնը, ահաբեկչութիւնը եւ անօրինական արտագաղթը», ըսած է ան:

Բացի այդ, անոր խօսքով, ԵՄ-ին կը սպառնան «ծայրայեղական հոսանքները, խտրականութիւնը, այլատեացութիւնը եւ իսլամաֆոպիան, ինչ որ համակեցութեան մաշում կ'առաջացնէ եւ կը խարխլէ ընդհանուր արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է Եւրոպան»:

Ան վստահեցուցած է, որ, որպէս ԵՄ-ի անդամութեան թեկնածու եւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից, Թուրքիան «առանցքային երկիր է բոլոր յառաջացող խնդիրներու լուծման հարցով, որոնց կը բախի Եւրոպան»: «Չնայած որոշ շրջանակներ, յատկապէս Եւրոմիութեան մէջ, ժամանակ առ ժամանակ Թուրքիոյ մէջ մրցակից եւ նոյնիսկ սպառնալիք կը տեսնեն, Անկարան զգալի ներդրում ունեցած է եւ ունի ցամաքամասի կայունութեան եւ բարգաւաճման գործին մէջ` բազում զոհողութիւններ ընելով յանուն Եւրոպայի անվտանգութեան, ինչպէս այդ եղած է Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին», ըսած է Չաւուշօղլուն` նշելով, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր կառուցողական ընթացքը Եւրոպայի հետ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան համապարփակ զարգացման ուղղութեամբ` Եւրոմիութեան անդամակցելու ռազմավարական նպատակի լոյսին ներքոյ: