image

Հայաստանը պէտք է բանայ քարտէզը եւ վերլուծէ իր ազգային շահերը. Զախարովա

Հայաստանը պէտք է բանայ քարտէզը եւ վերլուծէ իր ազգային շահերը. Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան մեկնաբանած է Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի՝ Հայաստանի հետ մերձեցման մասին յայտարարութիւնները։

«Հայաստանի մէջ պէտք վերլուծեն, թէ որոնք են իրենց ազգային շահերը։ Հայաստանը պէտք է բանայ քարտէզը, տեսնէ, թէ որ տարածաշրջանի մէջ է եւ ինչ հարեւաններու միջեւ կը գտնուի: Պէտք է այս ամէնը վերլուծել եւ հասկնալ, թէ որոնք են Հայաստանի ազգային շահերը, ինչն է անոր ձեռնտու, ինչը կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ օգուտ կը բերէ, եւ պէտք է ատոր հիման վրայ շարժիլ, ոչ թէ խոստումներու»,-ըսած է Զախարովան։

Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Կոլոմինան «Արմէնփրէսին» տուած հարցազրոյցին ըսած էր, որ շատ ոգեւորուած են արտաքին եւ պաշտպանական քաղաքականութեան մէջ Հայաստանի՝ դէպի դաշինք տեղաշարժով: Ան նաեւ յայտարարած էր, որ դաշինքը կ՚ուզէ աւելի մերձենալ Հայաստանի հետ: