image

Կիրանցի քարտէզը թարմացուած

Կիրանցի քարտէզը թարմացուած

ՀՀ կադաստրի (գրանցամատեանի) կոմիտէն թարմացուցած է Կիրանցի քարտէզը՝ համապատասխանեցնելով նոր սահմանագիծին:

Նոր քարտէզին մէջ նշուած չեն այն հողատարածքները, որոնք պատկանած են գիւղի բնակիչներուն մինչեւ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը։

Փոփոխութիւնը նկատած է Կիրանցի բնակիչ Գոհար Վարդանեանը։

Նշենք, որ ՀՀ կառավարութիւնը փոխհատուցում կը տրամադրէ Կիրանցի այն բնակիչներուն, որոնց պատկանող գոյքը սահմանազատման հետեւանքով ատրպէյճանական կողմին անցած է։

Խօսքը 30 անձի պատկանող 54 գոյքի մասին է։