«Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ՛առաջնորդէ» (Յովհաննէս 8:12):
Մեծ Պահոց շրջանը, այս տարի եւս, ահա՛ յաղթական իր աւարտին կը հասնի՝ Խաչեալ Յիսուսի յարութեամբ եւ քրիստոնեայ աշխարհի մեծագոյն՝ Յարութեան տօնի՛ն փառաբանութեամբ: Տօն, որ խաւարը կը ցրէ մեր հոգիներէն, տօն, որ չարը կը վանէ մեր կեանքէն, տօն, որ անմայրամուտ արշալոյսներ կը նուիրէ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ու կը հետեւին Յիսուս Քրիստոսի եւ «լոյսի որդիները» կ՛ըլլան Անոր, որ յաղթեց աշխարհին:
Յիսուս Քրիստոս մարդ արարածը փրկելու համար եկաւ այս աշխարհ եւ իրեն հաւատացողներուն ու հետեւորդներուն ըսաւ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս 16:33):
Իսկապէս, այս աշխարհի վրայ ապրած մարդերէն մէկը կրցա՞ծ է, կամ կրնա՞յ այսպիսի խօսք արտասանել: Պատմութեան մէջ ո՞ր քաջարի զօրավարը, արքան կամ թագաւորը յաջողեցան նման յայտարարութիւն մը ընել: Արքայից արքաներ եկան-գացին ու անհետ կորան, մեծամեծ կայսրութիւններ տապալեցան, փառահեղ իշխանութիւններու վերջ դրուեցաւ, իսկ աշխարհին բանը աշխարհին մնաց:
Միայն խաչեալ Քրիստոսն է, որ իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն, համայն մարդկութեան ու մեր բոլորին մեղքերուն համար բազմաթիւ չարչարանքներէ անցաւ, կրեց անարգանք ու խաչը հանուեցաւ, բայց իր մահէն երեք օր ետք, Ան յարութիւն առնելով՝ երկրային իր գերեզմանէն դուրս թռաւ ու երկինքի մէջ Իր Հօր, Ամենակալ Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս յաղթեց մահուան, որմէ կը վախնան ու կը սարսափին նոյնիսկ ամէնէն հզօր, ամէնէն հարուստ ու ամէնէն անխոցելի կարծուած մահկանացուները՝ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան:
Այո՛, սիրելիներ, բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքի առաջնորդ չեն ընտրած մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը, մի՛շտ պիտի վախնան մահէն: Բայց, բի՜ւր փառք ու փառաբանութիւն յարեալ Քրիստոսին, որ յաղթեց մահուան եւ ցոյց տուաւ մեզի՝ յաւիտենական կեանքի ճամբան, մեր հոգիին աչքերը ճշմարտութեան բացաւ եւ յաւիտենական ուրախութեան մէջ ապրելու նոր կեանք խոստացաւ. «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը» (Յովհաննէս 14.6):
Այո՛, սիրելի հաւատացեալներ, միակ անձնաւորութիւնը, որ յաղթեց մահուան՝ Ի՛նքն է, մեր բոլորին գերագոյն Վարդապետն ու Փրկիչն է, Աստուածորդի Քրիստոսն է, որուն հետեւորդներէն շատ-շատեր նաեւ այս աշխարհի նեղութիւններէն անցան եւ մինչեւ այսօր ալ, մեր օրերուն մէջ, մեզմէ շատեր, Յիսուս Քրիստոսը ունենալով հանդերձ իրենց հոգիներուն մէջ, տեսակ-տեսակ նեղութիւններէ կ՛անցնին: Կա՞յ մարդ, որ այսօր չի տագնապիր աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ եւ մեր շուրջ բռնկած պատերազմներէն: Բայց, երբ մեր հոգիին մէջ ունինք աշխարհի լոյսը, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոսը, մենք պէտք չէ յուսահատինք, այլ պէտք է քաջալերուինք մեր Տիրոջ խօսքերով, անդադար աղօթենք եւ յուսանք: Այնպէս, ինչպէս ապրեցան մեր նախորդները, Իրեն հաւատացողները, աղօթողներն ու յուսացողները, որոնք քաջալերուած Յիսուսով՝ թէեւ խաւարին մէջէն քալեցին, բայց խաւարին մէջ չմնացին, այլ՝ աշխարհի նեղութիւնները անտեսեցին եւ Յիսուսի լոյսով առաջնորդուեցան՝ անխախտ մնալով իրենց հաւատքին մէջ: Անոնցմէ շատեր նո՛յնիսկ նահատակութիւն աչք առին՝ Յիսուսի նկատմամբ իրենց սէրն ու հաւատարմութիւնը աւելի բարձր դասելով, անցողիկ այս աշխարհի բոլոր տեսակի բարիքներէն:
Թէեւ պատմութեան մէջ արձանագրուած՝ Քրիստոսի համար իրենց կեանքերը զոհած բոլոր սուրբերն ու նահատակները մեզի պէս մահկանացուներ էին, բայց իրենց հոգիին մէջ ամբարուած էր Յիսուս Քրիստոսի լոյսը, որ երբեք չհանգաւ, չմարեցաւ, այլ՝ զիրենք առաջնորդեց յաւիտենական կեանքին: Հոն, ուր այլեւս տեղ չունին ցաւ, տառապանք, հիւանդութիւն ու չար բաներ, այլ՝ հոն անաւարտ, խաղաղ, ուրախ, ցնծալի ու ծաղկուն առաւօտներ կան միայն եւ լուսառատ արշալոյսներ:
Սիրելիներ, յաւիտենական կեանքի մէջ օրերը չունին մայրամուտ, ցուրտ ու խաւար գիշերներ, այլ միայն լոյս: Ա՛յն լոյսը, որմէ նշոյլ մը ունինք մենք, մեր հոգիներուն մէջ, երբ Յիսուսը ունինք մեր սրտին մէջ: Իսկ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը՝ ամբողջական այն զօրութիւնն է, որ աշխարհի խաւարը երկնային լոյսի կը փոխակերպէ եւ նոր կեանքի կը տանի մեզ:
Եկէ՛ք, Յարութեան այս փառահեղ տօնին առիթով, լայն բանանք մեր սրտին դուռը Յիսուսի առաջ, որպէսզի մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող ամէն ժխտական բան փոխակերպուի դրականի եւ պայծառանայ: Եկէ՛ք, արժանի ժառանգորդները դառնանք՝ Յիսո՛ւս Քրիստոսով յաւիտենական ուրախութեան մէջ ապրելու գերագոյն երջանկութեան:
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, որդիական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսը, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ս. Յարութեան տօնը եւ քաջառողջ բազում տարիներ կը մաղթենք մեր Հովուապետին:
Նաեւ, Ազգային առաջնորդարանէն մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք թեմիս Հոգեւորականաց դասուն, Ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, հայկական վարժարաններու ընտանիքներուն ու մարմիններուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, ազգային կառոյցներուն ու հաւատացեալ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն եւ Քրիստոսի լոյսով վերանորոգուած՝ կը գոչենք.
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Աղօթարար՝
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ