Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները սկսած են հեռանալ երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ անդունդի եզրէն, սակայն ասոնք ընդամէնն առաջին քայլերն են, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս մասին գրած է interfax.ru-ն:
«Մենք սկսած ենք հեռանալ այն անդունդի եզրէն, ուր մեր յարբերութիւնները բերած-հասցուցած էր Պայտընի վարչակազմը, բայց ասոնք միայն առաջին քայլերն են», -ըսած է ան չորեքշաբթի օր՝ ելույթ ունենալով Տումայի մէջ։
Ինչպէս ընդգծած է Լաւրով, «մթնոլորտը դրական է, մտադրութիւնները՝ ճիշդ, կը տեսնենք՝ ինչպէս կը զարգանայ իրավիճակը, ինչ որոշումներ կը կայացուին»։
Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի խօսքով՝ «գլխաւորը հանդիպիլն է, իրար լսելն ու իրատեսական որոշումներ կայացնելը»։
Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ 18 փետրուարին կայացած են ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները, որ տեւած են 4,5 ժամ:
Ռուսական կողմը ատոնք դրական գնահատած է: Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի խօսքով՝ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները պայմանաւորուած են յարգել իրար շահերը: Ան ընդգծած է, որ առայժմ դժուար է ըսել, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ու Միացեալ Նահանգները կը մերձենան, բայց այդ մասին խօսակցութիւն եղած է:
«Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնները շատ լուրջ զրոյց ունեցած են բոլոր հարցերու շուրջ», -աւելցուցած է ան:
Ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպման, ապա, Ուշաքովի խօսքով, այն դժուար թէ կայանայ յաջորդ շաբաթ: Ըստ պաշտօնեայի՝ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը պիտի աշխատին, որ պայմաններ ստեղծեն Փութինի եւ Թրամփի հանդիպման համար:
Ուշաքով նաեւ ըսած է, որ Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բանակցողներու առանձին խումբեր շփման մէջ պիտի մտնեն:
Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ աշխատանքը երկար ժամանակ կը պահանջէ եւ բարդ ու աշխուժ դիւանագիտութիւն. այս մասին Ռիատի մէջ ռուսական պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։
Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան դադրեցումը բոլոր կողմերէն զիջումներ կը պահանջէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի համոզմամբ՝ հակամարտութեան դադրեցումը հնարաւոր է միայն բոլոր կողմերու համաձայնութեամբ, պայմանները պէտք է ըլլան փոխընդունելի:
Ըստ Ռուպիոյի՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՚ուզէ արդար լուծում տալ հակամարտութեան եւ թոյլ չտալ ատոր վերսկսումը 2-3 տարի անց:
Ան նաեւ ըսած է, որ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու ապագան պիտի որոշուի կողմերու՝ «խոստումները կատարելու» պատրաստակամութեամբ, այդ պիտի երեւայ արդէն յառաջիկայ շաբաթներուն։