Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յայտնած է, թէ զինք առաջադրած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի՝ Սպիտակ Տան մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին յանձնելով համապատասխան նամակը։
«Պարոն Նախագահ, կ՚ուզեմ Ձեզի ներկայացնել Նոպէլեան մրցանակի քոմիտէին ուղղուած նամակը։ Ան Ձեզ կ՚առաջադրէ Խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու, որուն լիովին արժանի էք»,– ըսած է Նաթանիահուն։
Թրամփը անսպասելի անուանած է քայլը, ըսելով․ «Յատկապէս քեզմէ զայն ստանալը չափազանց իմաստալից է։ Շատ շնորհակալ եմ»։