Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն արդէն կայ. մեր սահմաններուն խաղաղութիւն ու կայունութիւն է. տարածաշրջանին մէջ նոր «սթաթուս քօ» ձեւաւորուած է՝ հիմնուած օրինականութեան եւ կանոնականութեան վրայ: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:
«Կարող ըլլալ խաղաղութիւն թուղթի վրայ, բայց իրավիճակը գետնի վրայ ըլլայ բոլորովին այլ: Հիմա մեր մօտ ճիշդ հակառակն է»,- նշած է Հաճիեւը։
Միեւնոյն ժամանակ, ան հերթական անգամ կրկնած է Պաքուի պահանջը՝ կապուած Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ:
«Ամէն պարագայի, լաւ է, որ մենք հայկական կողմի հետ կը պահպանենք երկկողմ հաղորդակցութեան ուղի: Խնդրայարոյց հարցերու մասին մենք կը խօսինք բոլորովին բաց, առանց որեւէ միջնորդութեան»,- նշած է պաշտօնեան:
Հաճիեւի խօսքով՝ հարեւան երկիրներու միջեւ վէճերը լուծելու համար կայ դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհը։