Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնները փետրուար 27-ին Իսթանպուի մէջ ունեցած են երկրորդ քննարկումը եւ նշած դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատանքի կայունացման առաջին քայլերը: Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Աւելի քան 6 ժամ տեւած բանակցութիւնները կայացած են ամերիկեան գլխաւոր հիւպատոսի նստավայրին մէջ՝ Պոսֆորի ափին, հաղորդած են ռուսական պաշտօնական աղբիւրները:
Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները «մտահոգութիւն յայտնած են» դրամատնային եւ պայմանագրային ծառայութիւններուն հասանելիութեան առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ յայտարարած են «Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քատրային կայուն եւ յուսալի համալրման անհրաժեշտութեան մասին»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըդգծուած է, որ կողմերը պայմանաւորուած են շուտով կայացնել այս հարցերուն նուիրուած լրացուցիչ հանդիպում, որու ամսաթիւը պիտի որոշուի աւելի ուշ:
Ամերիկեան պատվիրակութիւնը գլխաւորած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի տեղակալ Սոնաթա Քոուլթըրը: Ռուսական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Հիւսիսաթլանթեան բաժանմունքի տնօրէն Ալեքսանտր Տարչիեւը:
Ռուսական պատուիրակութիւնը լքած է բանակցութիւններու վայրը՝ չտալով որեւէ մեկնաբանութիւն մամուլին։
Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը յայտնած է, որ բանակցութիւնները հետեւած են նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ռուսաստանեան եւ ամերիկեան բարձրաստիճան դիւանագէտներու ու այլ պաշտօնեաներու միջեւ կայացած շփման: