image

Ուքրանիոյ տագնապին առընթեր ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները դանդաղ կ՚ըթանան. Քրեմլին 

Ուքրանիոյ տագնապին առընթեր ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները դանդաղ կ՚ըթանան. Քրեմլին 

Ռուսիան ու ԱՄՆ-ն կը շարունակեն շփումները ուքրանական կարգաւորման թեմայով, սակայն քննարկուող հարցերը շատ բարդ են։

Այս մասին ճեպազրոյցին նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ խաղաղութեան գործընթացին մէջ անբաւարար յաջողութեան պարագային ռուսական նաւթարդիւնաբերութեան դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու Ուաշինկթընի սպառնալիքներու ծիրէն ներս։

«Մենք կը շարունակենք մեր շփումները ամերիկեան կողմի հետ: Թեման շատ բարդ է՝ այն հարցերը, որոնք մենք կը քննարկենք՝ կապուած ուքրանական կարգաւորման հետ, լրացուցիչ շատ ջանքեր կը պահանջեն»,- նշած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։