image
Հրատապ լուրեր:

Իրան կը հերքէ ԱՄՆ-ի հետ հանդիպում խնդրելու մասին Թրամփի յայտարարութիւնը

Իրան կը հերքէ  ԱՄՆ-ի հետ հանդիպում խնդրելու մասին Թրամփի յայտարարութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաղային հերքած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնն այն մասին, թէ իրանեան կողմը հանդիպում խնդրած է ամերիկեան կողմի հետ։

«Մեր կողմէ որեւէ հարցում չէ եղած ամերիկեան կողմի հետ հանդիպման վերաբերեալ»,- այս մասին Պաղային ըսած է Իրանի պետական հեռուստառատիոընկերութեան։