image

Իրաք. Ցաւակցական այց Քաղթէացւոց Պատրիարքարանը

Իրաք. Ցաւակցական այց Քաղթէացւոց Պատրիարքարանը

Օրերս Իրաքի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Օշական Եպս․ Կիւկիւլեան, ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ քաղդէական եկեղեցւոյ առաջնորդ` Տ. Թաբիթ Մքօ Եպիսկոպոսի վախճանման առիթով, Քաղդէացւոց Պատրիարքարան:

«Արեւելք» վերահասու դարձաւ այս մասին Իրաքի Թեմի  Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Իրաքի Հիւսիսային շրջանի Ալքոշ գիւղաքաղաքի քաղդէական եկեղեցւոյ լուսահոգի առաջնորդ` Տ. Թաբիթ Մքօ Եպիսկոպոսի վախճանման առիթով ցաւակցութիւն յայտնելու, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Օշական Եպս․ Կիւկիւլեանը Յունիսի 21-ին, այցելեց Պաղտատի մէջ Քաղդէացւոց Պատրիարքարանը և ընդունուեցաւ Նորին Սրբութիւն Լուիս Սագօ Պատրիարքի կողմէ։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պաղտատի մէջ քրիստոնեայ այլ համայնքապետեր և առաջնորդներ։