image
Հրատապ լուրեր:

Լարուած մթնոլորտ Պաշտպանութեան նախարարութեան մուտքին մօտ

Լարուած մթնոլորտ Պաշտպանութեան նախարարութեան մուտքին մօտ

Այսօր ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր մուտքին դիմաց Արցախեան պատերազմի ընթացքին անհետացած զինուորներու ծնողները իրենց հերթական բողոքի  ցոյցը կատարած են։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Թերթ.ամ» կայքէն։

 Աղբիւրը նշած է, որ այսօր լարուած իրավիճակ տիրած է շէնքի մուտքին եւ  ծնողները  ըսած  են, որ  իրենք   վճռական են տրամադրուած։

Ծնողները պատմած են թէ ՊՆ-էն եւ այլ մարմիններէն որեւէ յստակ պատասխան չեն ստանար, թէ ուր են իրենց որդիները:

Անոնք ցանկացած  են շէնք մտնել՝ փորձելով կոտրել ճաղավանդակները: Սակայն ոստիկանները արգիլած են, որ ծնողները առաջանան, ըսելով որ կարող են ներս մտնել, բայց կոտրելը տարբերակ չէ:

Աղբիւրը նշած է, որ այն ծնողները, որոնք աւելի վաղ շէնք մտած էին, Պաշտպանութեան Նախարարութենէն անոնցմէ 10-ը ընդունած են, զրուցած են եւ բանակցութիւններ կատարած:

«Սա ամբողջութեամբ մեր պետութեան մեղքն է: Նրանք, որ հիմա հաւաքուել են այնտեղ ու աթոռի կռիւ են անում, պատժուելու են: Եթէ 30 օր երեխաների մարմիններն այնտեղ չթողնէին, այսօր մեզ ոսկորները չէր հասնի, գոնէ նորմալ մարմինը կը տանէինք, թաղէինք»,-ըսած է ծնողներէն մէկը:

Ծնողները որոշած են սպասել ՊՆ-ի պատասխանին: