image

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն ու Եգիպտոսի դեսպանը քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ համագործակցութեանն առնչուող հարցեր

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն ու Եգիպտոսի դեսպանը քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ համագործակցութեանն առնչուող հարցեր

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը նոյեմբեր 28-ին ընդունած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ամալ Աֆիֆին։

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Սուրէն Պապիկեանը շնորհաւորած է դեսպանը՝ Հայաստանի մէջ առաքելութիւնը ստանձնելու կապակցութեամբ, եւ մաղթած յաջողութիւններ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Եգիպտոս համագործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։

Կողմերն անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան վերաբերող շարք մը հարցերու։