Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունն ընդունած է Ֆրանսայի նախագահի բանագնաց Ժան-Իվ լը Տրիանը: Այս մասին յայտնած է Լիբանանի նախագահական գրասենեակը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Լիբանանի հարաւը տեղի ունեցող զարգացումները, ինչպէս նաեւ վերջին ներքաղաքական զարգացումներու ու բարեփոխումներու վերաբերեալ հարցեր։
«Լիբանանը կ՚ողջունէ Ֆրանսայի որեւէ դերակատարում, որ կը նպաստէ ընթացող բանակցութիւններու (խմբ․ Իսրայէլի հետ) հիմնարար նպատակներուն հասնելուն։ Այս նպատակներն ուղղուած են ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, Իսրայէլի զօրքերու դուրսբերման ապահովման՝ բռնագրաւուած հարաւային տարածքներէն, լիբանանցի բանտարկեալներու ազատ արձակման եւ Կապոյտ գիծի երկայնքով առկայ հարցերու լուծման»,- նշած է նախագահ Աունը։
Ան յայտնած է, որ լիբանանա-իսրայէլեան բանակցութիւններու երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 19-ին։
«Մեր դիրքորոշումը կ՚արտացոլէ մեր ցանկութիւնը՝ բանակցելու, դիւանագիտական լուծումներ գտնելու համար, քանի որ մենք բացարձակապէս չենք ուզեր ընդունիլ պատերազմի լեզուն: Լիբանանի դիրքորոշման յաջորդած եղբայրական եւ բարեկամ երկիրներու դրական արձագանգները կը նշանակեն աջակցութիւն այս քայլին»,- նշած է ան։
Լը Տրիան ընդգծած է, որ Ֆրանսան միշտ կանգնած է Լիբանանի կողքին եւ կ՚աջակցի բոլոր այն միջոցառումներուն, որոնք կը նպաստեն անոր անվտանգութեան եւ կայունութեան: Ան նաեւ շեշտած է Հռոմի պապ Լեւոն Դ.-ի՝ Լիբանան կատարած այցի դրական ազդեցութիւնը։