Օրերս, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է “Simply Christmas” աւանդական համերգը, ներկայութեամբ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն։
Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ “Simply Christmas” աւանդական համերգը, կատարողութեամբ երգչուհի Ալվարդ Մայիլեանի եւ ընկերակցութեամբ՝ հանրածանօթ դաշնակահար եւ երգահան Ճոէլ Մարթինի։ Ճոխ երգացանկը բաղկացած էր հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ իտալերէն երգերէ։ Երգչուհիին կողքին, Ճոէլ Մարթին իր մշակած կոմիտասեան երեք գործեր նուագեց։
Աւարտին, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ հանդիսականներուն, որոնք օդի աննպաստ պայմաններուն հակառակ, եկած էին վայելելու արուեստի այս ելոյթը։ Եզրափակիչ խօսքով, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին իւրայատուկ յանձնառութիւնը, ստեղծելով գեղեցիկ աւանդութիւն մը, որով 16 տարիներէ ի վեր ժողովուրդի կը մատուցուի Սուրբ Ծննդեան նուիրուած այս համերգը։