image

Խմբագրական «Պայքար»ի. Թէքէեանի ճամբով

Խմբագրական «Պայքար»ի. Թէքէեանի ճամբով

Վահան Թէքէեան բանաստեղծը կեանքի մէջ մռայլ մարդ մըն էր. բայց իր միտքին մէջ արեւներ կը հրկիզուէին եւ իր հոգին կը տարածուէր տիեզերական անհունութիւններուն մէջ: Թափառական մըն էր ան իր ժողովուրդին նման եւ այդ ժողովուրդի ճակատագրի բեռը իր ուսին:

Իբրեւ բանաստեղծ` անոր հանճարը չպարզուեցաւ պայթումով մը ինչպէս սովորաբար կը պատահի բանաստեղծներուն – ինչպէս Դուրեանին ու Չարենցին – այլ աճեցաւ աստիճանական ծաւալումով` գրաւելու համար իր պատկառելի տեղը մեր գրականութեան մէջ:

Ան իր առանձնութեան տիեզերքին մէջ չուզեց եւ կամ չկրցաւ իր մտերմութիւնը կիսել ուրիշ անհատի մը հետ եւ փոխարէն իր հոգին բաշխեց ՙի սեղանէ՚ համայն ազգին ու մարդկութեան:

Թէքէեանի գրականութիւնը իր խորքին մէջ կ'ընդգրկէ արիւնաշաղ պատմութիւնը իր ազգին, հրաշագեղ կարգ մը փայլատակումներովը անոր` ՙՎարդանանք՚ին ու ՙԵկեղեցին Հայկական՚ին:

Ան կ'ըսէր թէ նամակ մը գրելը պատասխանատուութիւնն ունի կտակ մը գրելու եւ ան պատասխանատուութեան միեւնոյն գիտակցութեամբ ալ ժառանգ թողուց իր ամբողջ գրականութիւնը իր ազգին, հարստացնելով կեանքը այս վերջնոյն իր բազմակողմանի գրականութեամբ:

Իր բովանդակ կեանքին մէջ հանգիստ մը չունեցաւ. հալածուեցաւ ու տառապեցաւ, ինչպէս Քրիստոս տառապեցաւ, տանջուած ու խաչուած ըլլալով` երկու հազար տարի փառաբանուելէ առաջ:

Իր ապրած օրերուն բանաստեղծը արդէն գաղափարական լուսապսակ մըն էր ինչպէս ազգային բարոյականի խորհրդանիշ մը: Անոր երկրային կեանքը վերջ գտաւ 1945ին երբ սկսաւ իր յաւիտենական ճանապարհորդութիւնը անդենականին մէջ, ինչպէս իր ժողովուրդին կեանքին ու հոգիին մէջ:

1947ին կերպարանք ստացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը` կենսագործելու համար այն թանկագին կտակը զոր բանաստեղծը թողած էր իր ետին: Անոր բանաստեղծութեան շքեղանքով օծուեցաւ առաքելութիւնը այն միութեան որ պիտի անմահացնէր անունը իմաստուն քերթողին:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը տարիներու ընթացքին ծաւալուեցաւ համայն սփիւռքի տարածքին. ինչպէս երկակենցաղ էր կեանքը բանաստեղծին, իր սփիւռքեան եւ իր հայրենական ծաւալներով, նոյն կերպով ալ կազմակերպութիւնը կամրջուեցաւ սփիւռքէն հայրենիք, եւ փոխադարձաբար:

Թէքէեանի առաքելութիւնը կ'ընդգրկէր հայ գրականութեան եւ հայ արւեստի պահպանումն ու տարածումը սփիւռքի մէջ, բայց մանաւանդ կրթարաններու բացումն ու մատակարարումը դժուար պայմաններու ներքեւ:

Դժուար ժամանակներ էին նաեւ սփիւռք-հայրենիք կապերու տեսակէտէն, որովհետեւ երկուքին միջեւ պարզուած էր երկաթեայ վարագոյրը որուն երկու կողմերուն կը նկրտէր հայ ժողովուրդը մշակութային միասնականութեան ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի միութեան. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը գտնուէր այդ վարագոյրին միւս կողմը` դաժան պայքարի վերածելով հայ զանգուածներուն յարումը անոր:

Սակայն, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը հանդիսացաւ այն կազմակերպութիւնը որ պահպանեց հոգեւոր միասնութիւնը ազգային, քաղաքական վտանգներու ենթարկելով ինքզինք:

Կազմակերպութիւնը պատմական անչափելի առաքելութիւն մը իրագործեց հայրենիքի մշակութային կեանքը փոխադրելով ու ցոլացնելով սփիւռքի մէջ:

Անմոռանալի պիտի մնան ցնծալի այն օրերը երբ Թէքէեանի հրաւէրով երգի ու պարի անսամպլը, թատրոնը, գրողներու եւ արուեստագէտներու հոյլը կ'այցելէին սփիւռքի համայնքները, ոչ միայն գեղարուեստական վայելք պարգեւելով սփիւռքի հայրենակարօտ զանգուածներուն, այլ արւեստը բեղմնաւորումներով եւ կենսաւորելով սփիւռքի մշակութային կեանքին մէջ:

Մինչեւ Հայաստանի անկախացումը սփիւռքը կենսաւորուեցաւ այդ բեղմնաւորումով` կազմակերպելով ու կենդանի պահելով իր արուեստի դիմագիծը:

Հայաստանի անկախացումով հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ ԹՄՄի մշակութային առաքելութիւնը ծաւալելու նաեւ հայրենիքի մէջ. ան դարձաւ սփիւռքահայ առաջին կազմակերպութիւնը որ կանգնեցուց իր մշակոյթի կեդրոնը Երեւանի մէջ, առաջին կազմակերպութիւնը որ ներմուծեց արդիական ձայնասփռումի իր կայանը եւ առաջին կազմակերպութիւնը որ հիմը դրաւ միջազգային չափանիշներով հայ մամուլին: Ու նաեւ, մտաւորական կեանքը ընդհանուր շփոթութեան մէջ ըլլալուն ան հաստատեց գեղարուեստական մրցանակներ, գիրքերու հրատարակչութիւն եւ այլն:

Ինչպէս ան դարձած էր ռահվիրան սփիւռքի մէջ մշակոյթի եւ կրթութեան առաքելութեան, ան նոյնպէս դարձաւ ռահվիրան հայ մշակոյթի միաւորման գործընթացին որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:

Թէքէեանի առաքելութիւնը կը ծաւալի ու կը տարածուի ամէն օր ու ամէն տարի, արդարացնելով մեր մշակութային ազգը ըլլալու փաստը:

Ընթացիկ տարուան մէջ յատուկ շքեղանքով տօնուեցաւ ԹՄՄի հիմնադրութեան 75ամեակը, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջանին ան ունեցաւ աւելի ծաւալուն բնոյթ` անցնելով մշակութայինէն քաղաքականին. Լոս Անճելըսի մէջ ունեցաւ ժողովրդային բնոյթ, պատկառելի մասնակցութեամբը այլ միութեանց եւ համայնքի ղեկավարութեան: Իսկ Մոնթրէալի մէջ ան զուգորդուեցաւ ՙԱպագայ՚ թերթին հիմնադրութեան տարեդարձին:

Այս տարեփակով իր աւարտին կը հասնի Յոբելենական այս շքեղ շարքը, նոր ծաւալ, նոր հորիզոններ եւ նոր նուաճումներու ճամբաներ բանալով Միութեան:

Թէքէեանի լուսապսակ փառքով կը շարունակէ լուսաւորուիլ անոր անւան Միութեան առաքելութիւնը, այսօր եւ վաղը: