image

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Պատերազմ, պատերազմ, պատերազմ եւ ստրկատիրութիւն

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Պատերազմ, պատերազմ, պատերազմ եւ ստրկատիրութիւն

Նոր աշ­խարհա­կարգ մը կը ձե­ւաւո­րուի, ուր պա­տերազ­մէն ետք խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տելու հեր­թա­փոխու­թեան տրա­մաբա­նու­թիւնը չի գոր­ծեր։ Ինչպի­սի՞ ստրկա­տիրա­կան «խա­ղաղու­թիւն» պի­տի պար­տադրուի մի­ջինարե­ւելեան պե­տու­թիւննե­րուն, որոնք չեն են­թարկուիր Իս­րա­յէլի ռազ­մա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան։ Որ­քա­նո՞վ այդ մո­տէլը պի­տի գոր­ծադրուի Իս­րա­յէլի դաշ­նա­կից եր­կիրնե­րու կող­մէ այլ երկրա­մասե­րու վրայ։­

Պաղես­տինցի ժո­ղովուրդի գող­գո­թան վերջ չու­նի, որուն աւել­ցաւ Լի­բանա­նի ժո­ղովուրդի­նը։ Ինչպէս ան­ցեալ տա­րի Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդի­նը, որ ինը ամիս շրջա­փակու­մէ ետք, մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան երկդի­մի ու­շադրու­թեան ներ­քոյ, բռնի տեղահանուեցաւ իր պա­պենա­կան տու­նէն։

Ան­տա­նելի են Կա­զայի, Այսրյոր­դա­նանի, Լի­բանա­նի կարգ մը շրջան­նե­րու իս­րա­յէլա­կան օդա­նաւե­րու, հրթիռ­նե­րու, անօ­դաչու­նե­րու հա­րուած­նե­րու, մարդկա­յին կո­րուս­տի, վի­րաւոր­նե­րու ու բնա­կավայ­րե­րու աւե­րի տե­սարան­նե­րը։

Մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան աչ­քին առ­ջեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 21-րդ դա­րու ամէնէն մեծ ող­բերգու­թիւնը, աղէ­տը, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։ Ինչպի­սի՞ աւարտ պի­տի ու­նե­նայ այս փոր­ձանքը՝ յայտնի չէ։ Զար­մա­նալիօրէն աւե­լի ու աւե­լի դա­ժան կեր­պով կը կրկնուին ող­բերգու­թիւննե­րը՝ Ար­ցախ, Ուքրաինա, Պա­ղես­տին… Վեր­ջա­պէս, Իս­րա­յէլի կողմնա­կից արեւմտեան մեծ պե­տու­թեան մը նա­խագա­հը՝ Էմա­նիւէլ Մաք­րոն յանդգնե­ցաւ յայ­տա­րարե­լ, որ Ֆրան­սա նա­խապատ­ւութիւ­նը կու տայ քա­ղաքա­կան լու­ծումի եւ թէ պէտք է կա­սեց­նել Կա­զայի վրայ յար­ձա­կման ծառայող զի­նամ­թերքի առա­քու­մը, աւելցնե­լով որ «կա­րելի չէ մէկ կող­մէ հրա­դադար առա­ջար­կել եւ միաժա­մանակ զի­նամ­թերք մա­տակա­րարել»։ Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հի խօս­քը ուղղուած էր մաս­նա­ւորա­պէս ԱՄՆ-ու նա­խագա­հին որ Իս­րա­յէլի զի­նամ­թերքի եւ դրա­մական օգ­նութեան մե­ծագոյն մա­տակա­րարն է։ Սա­կայն, ինչպէս սպա­սելի էր, չու­շա­ցաւ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պետին հակադարձումը՝ «ամօ՛թ Մաք­րո­նին», նշելով թէ Իս­րա­յէլ կը պաշտպա­նէ Արեւ­մուտքը իրա­նական «Չա­րիքի առանցք»-ին դէմ։

Իս­րա­յէլի պա­րագա­յին՝ ակա­նա­տես ենք պե­տու­թեան մը ան­սահման ամ­բարտա­ւանու­թեան ու ու­ժին, որ կա­րողու­թիւնը ու­նի լռեց­նե­լու կամ ան­տե­սելու աշ­խարհի մե­ծագոյն ռազ­մա­կան ու­ժը ու­նե­ցող պե­տու­թիւնը՝ ԱՄՆ-ն։ Կը գոր­ծէ բա­ցար­ձա­կապէս ան­պատժե­լիօրէն։

Այս վե­րաբե­րու­մը թե­թեւա­կի կը յի­շեց­նէ Ազեր­պայճա­նինը, որ խա­ղաղու­թեան դա­շինք կնքե­լու դի­մակին տակ 2020-էն 2024, բիրտ ու­ժի դի­մելով, հե­տապնդեց Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդի տե­ղահա­նումն իր պա­պենա­կան հո­ղէն։ Իսկ ներ­կա­յիս, որոշ յա­ջողու­թեամբ, Ռու­սաստա­նի, Թուրքիոյ եւ Իս­րա­յէլի օգ­նութեամբ կը շա­րու­նա­կէ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ նոյն թշնա­մական, ատե­լավառ քա­ղաքա­կանու­թիւնը, սպա­սելով առի­թին որ դարձեալ յար­ձա­կում գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րած­քին վրայ։

«Հա­մաս»-ի եւ «Հեզ­պալ­լահ»-ի պա­րագ­լուխնե­րու սպա­նու­թիւնը իս­րա­յէլ­ցի­ներուն կող­մէ, պա­տերազ­մը Մի­ջին Արե­ւել­քի տա­րած­քին ըն­դարձա­կելու առիթ կու տայ։ Իրա­նի ներգրա­ւու­մը պա­տերազ­մին մէջ, կը տկա­րաց­նէ Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութիւ­նը, ռուս-ազե­րի դա­շին­քին առիթ կ՚ընձեռէ մեր­ժելու խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րումը այնքան ատեն որ չ՚ի­րակա­նանար «Զան­գե­զուր»-ի մի­ջանցքի իր ծրա­գիրը։

Պա­ղես­տինցի­ներն ու լի­բանան­ցի­ները ան­զօր են միայ­նակ կա­սեց­նե­լու իս­րա­յէլա­կան կրօ­նամոլ, ցե­ղապաշտ գա­ղափա­րապաշ­տու­թեամբ, մեծ Իս­րա­յէլի կա­ռուցման երա­զան­քով տո­գորուած ծայ­րա­յեղ աջա­կող­մեան իշ­խա­նու­թեան բա­նակի յար­ձա­կումներն ու բռնու­թիւննե­րը։ Իս­րա­յէլ կը վա­յելէ Արեւ­մուտքի, յատ­կա­պէս ԱՄ­Ն-ու զի­նուո­րական, դրա­մական հսկա­յա­կան օգ­նութիւ­նը։

Որ­քա՞ն հե­ռու կրնայ եր­թալ Իս­րա­յէլ իր ցե­ղապաշտ յար­ձա­կողա­կան այս քա­ղաքա­կանու­թեամբ։ Ի՞նչ հե­տեւանք պի­տի ու­նե­նան այս ոճիր­նե­րը հե­տագայ սե­րունդնե­րու դաս­տիարա­կու­թեան, մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի գոր­ծադրու­թեան վրայ։

Նոր աշ­խարհա­կարգ մը կը ձե­ւաւո­րուի, ուր պա­տերազ­մէն ետք խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տելու հեր­թա­փոխու­թեան տրա­մաբա­նու­թիւնը չի գոր­ծեր։ Ինչպի­սի՞ ստրկա­տիրա­կան «խա­ղաղու­թիւն» պի­տի պար­տադրուի մի­ջինարե­ւելեան պե­տու­թիւննե­րուն, որոնք չեն են­թարկուիր Իս­րա­յէլի ռազ­մա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան։ Որ­քա­նո՞վ այդ մո­տէլը պի­տի գոր­ծադրուի Իս­րա­յէլի դաշ­նա­կից եր­կիրնե­րու կող­մէ այլ երկրա­մասե­րու վրայ։­

Ժ.Չ.