Այս բոլոր աշխատանքներուն համար քաղաքականօրէն ընկալել, թէ մինչ այժմ ինչո՛ւ ԵԱՀԿ-ը չէ չեղարկած Մինսքի եռանախագահութիւնը: Իսկ ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւններու վերագործարկումը այլ բան չէ, եթէ ոչ ինքնորոշման իրաւունքի օրակարգի վերադարձ:
Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի 33-ամեակը մեր ժամանակակից շրջանի ամէնէն մռայլ պայմաններուն մէջ կը նշուի: Արցախի Հանրապետութիւնը բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ եւ Արցախը ամբողջովին հայաթափուած:
Քաղաքական մօտեցումը ներկայ պայմաններուն մէջ կ՛որոնէ այն կէտերը, որոնց վրայ յենուելով հայկական կողմը կրնայ առաւելներ ձեռք բերելու համար հաւանականութիւններ նկատել եւ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:
Անհրաժեշտ է նկատել ուրեմն, որ Ազրպէյճանը ամէն գնով կը ձգտի լուծարել տալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը: Արցախեան բանակցութիւններուն ընթացքին պաշտօնական Պաքուն ամէն առիթ կ՛օգտագործէր բանակցային հարթակը տեղափոխելու միջազգային այլ ատեաններ եւ հաստատութիւններ:
Որքան ալ սառեցուած ըլլայ կամ անգործութեան դատապարտուած ըլլայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, այդուհանդերձ անիկա միջազգային հանրութեան կողմէ արցախեան հակամարտութեան լուծման համար լիազօրութիւն ստացած մարմինն է:
Երբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահութիւնը չէ լուծարուած, այդ կը նշանակէ, որ միջազգային ընտանիքը չէ արձանագրած հակամարտութեան լուծուած ըլլալու փաստը:
Այս իրողութեան կը գիտակցին Ազրպէյճանի իշխանութիւնները եւ այդ պատճառով ալ կը պահանջեն հայկական կողմէն, որպէսզի երկկողմանիօրէն դիմեն ԵԱՀԿ-ին չեղեալ յայտարարելու համար համանախագահական եռակողմ ձեւաչափը:
Իսկ ԵԱՀԿ-ը կ՛ենթադրէ հելսինքեան աքթի հիմնարար սկզբունքներ, այլ խօսքով` հակամարտութեան լուծում տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, իրաւահաւասարութեան եւ ուժի բացառման հիմնադրոյթներ:
ԵԱՀԿ-ն ու անոր ետին կանգնած պետութիւնները եւ միջազգային հանրութիւնը ընդհանրապէս լաւ կը գիտակցին, թէ ո՛ր կողմը խախտած է այդ սկզբունքները: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ անոնք կրնան այս կամ այն պետութեան ներկայացուցիչին կողմէ ճշդուած պահուն յիշել տալ այդ սկզբունքները, դատապարտել զանոնք խախտած կողմը եւ վերստին օրակարգ բերել հակամարտութեան լուծումի հրամայականը: Այդ յիշեցումները տուեալ պահուն կատարեցին Գերմանիոյ վարչապետն ու Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը (խօսելու համար գործադիր իշխանութեան մակարդակին մասին):
Ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծումը այս պայմաններուն մէջ կրնայ աւելի հեռահար նպատակ թուիլ: Ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման համար անհրաժեշտ է նախ բռնատեղահանուածներու հաւաքական վերադարձը: Իսկ հաւաքական վերադարձը ինքնին ռազմաքաղաքական բոլոր իրադարձութիւններէն ետք կը պայմանաւորուի միջազգային անվտանգութեան երաշխակազմով: Այս առաջադրանքները աւելի միջնաժամկէտ իրագործելիութիւն կը յուշեն:
Միջազգային երաշխիքները անհրաժեշտ են, որպէսզի ցեղային զտումը չկրկնուի: Նախ ուրեմն կարճաժամկէտ դրուածքով պէտք է արծարծել Արցախի մէջ շրջափակումով, կանխամտածուած սովամահութեամբ, առեւանգումներով եւ բռնատեղահանումներով ու պատերազմով Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանութեան խնդիրը:
Ստուար հատորներ կը կազմեն նաեւ արցախեան պատերազմի ընթացքին Սումկայիթէն ու Կիրովապատէն մինչեւ Մարաղա եւ քառօրեայ ու քառասնօրեայ պատերազմներ Պաքուի գործադրած ռազմական յանցագործութիւնները:
Կարճաժամկէտ դրուածքով այս հարցերու արծարծումը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն մօտ այս ուղղութիւններով աշխատիլը հրամայական է: Նոյն անմիջականութեան առջեւ է Պաքուի մէջ պահուող առեւանգուած, ապօրինաբար ձերբակալուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներուն ու պատանդներուն ազատ արձակումը:
Կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ դրուածքներով ուրեմն հայկական կողմը ունի իրագործելի առաջադրանքներ`
1.- Ամբողջական սատարում Հայաստանի Հանրապետութիւն հաստատուած Արցախի ժողովուրդին եւ պետական հաստատութիւններուն` կանխարգիլելու համար անոնց արտագաղթը:
2.- Արծարծել հաւաքական վերադարձի իրաւունքը եւ անոր իրականացման համար աշխատիլ միջազգային հանրութեան տարբեր ատեաններուն մօտ:
3.- Հաւաքական վերադարձը պայմանաւորել միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներով:
4.- Միջազգային հանրութիւնը իրազեկել Ազրպէյճանի գործադրած ցեղային զտումի, ցեղասպանական արարքներու եւ ռազմական յանցագործութիւններու բոլոր ծալքերուն մասին:
5.- Միջազգային մշակութային հաստատութիւններու մօտ հետապնդել Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները` բացայայտելով Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան բոլոր տեսակի գործողութիւնները:
6.- Մարդու իրաւունքներու թէ միջազգային կազմակերութիւններու մօտ արծարծել Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ բոլոր տեսակի գերիներու ազատ արձակումի պահանջը:
Այս բոլոր աշխատանքներուն համար քաղաքականօրէն ընկալել, թէ մինչ այժմ ինչո՛ւ ԵԱՀԿ-ը չէ չեղարկած Մինսքի եռանախագահութիւնը: Իսկ ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւններու վերագործարկումը այլ բան չէ, եթէ ոչ ինքնորոշման իրաւունքի օրակարգի վերադարձ: