image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պատերազմի սպառնալիքներ եւ դիւանագիտական նախագիծեր

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պատերազմի սպառնալիքներ եւ դիւանագիտական նախագիծեր

Իսրայէլեան պետական լրատուամիջոցին եւ քուէյթեան մամուլին յայտարարածներուն միջեւ կայ քաղաքական առանցքի նոյնութիւն: Քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթը կը հաղորդէր, որ ամերիկեան աղբիւրներէ տեղեկացած է, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ վերջերս գումարուած առցանց ժողովի մը ընթացքին Հըզպալլայի ու Թել Աւիւի միջեւ բախումներուն վերջ տուող եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ցամաքային թղթածրարի շուրջ տագնապը վերջնականապէս փակող համապարփակ լուծումի մը ծիրին մէջ իրենց իսրայէլացի պաշտօնակիցներուն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տարածքներու փոխանակում առաջարկած են:

Պատերազմի այլընտրանքի տեսութեան հաւանականութիւնը տեսանելի դարձնող այս տեղեկութիւնները խորքին մէջ առանց ուղղակի նշելու, այդուհանդերձ  կը մօտենան ՄԱԿ-ի 1701 որոշումին:

Միացեալ Նահանգներու հետախուզական վարչութեան պետին յայտարարութիւնը, թէ Կազայի պատերազմի զինադուլի ուղղութեամբ նոր համաձայնագիրի բնագիր կը պատրաստուի, տեղի տուաւ Լիբանանի ուղղութեամբ իսրայէլեան սպառնալիքներու առաստաղի վերստին բարձրացումին:

Պարզ է, որ Կազայի ուղղութեամբ Թել Աւիւ նորանոր առարկութիւններով կ՛աշխատի յետաձգել համաձայնութիւնը: Այս վարքագիծը կը պայմանաւորուի նաեւ ներիսրայէլեան խռովութիւններով, Իսրայէլի վարչապետին դէմ զարգացող բողոքի ալիքներով: Ներկայ պահուն կայանալիք համաձայնութիւն մը ամբողջական ձախողութեամբ կրնայ թարգմանուիլ Իսրայէլի համար, որ չէ յաջողած ապահովել պատերազմի բռնկման օրերուն իր յայտարարածներուն կատարողականութիւնը:

Լիբանանեան գետնի վրայ Հըզպալլայի պատասխան հարուածները Թել Աւիւի կողմէ մեկնաբանուեցան այնպէս, որ կանխարգելիչ գործողութիւններով չէզոքացուած են եւ իբրեւ այդպիսին չեն ծառայած իրենց նպատակին: Այդ արարը կը թուէր, որ այդպիսով փակուած է:

Բայց ահա սպառնալիքներու նոր ալիքի բարձրացումը Թել Աւիւի կողմէ, որ կ՛երեւայ Իսրայէլ-Համաս նոր համաձայնագիրի մշակման որոշումին զուգահեռ:

Այս ուղղութեան վրայ յայտարարութիւններու համահնչեղութիւն մը կայ ժամանակագրական կարգով: Այսպէս. Իսրայէլի վարչապետը կ՛ազդարարէր, որ իսրայէլեան բանակին եւ բոլոր զինեալ ուժերուն ցուցմունք տուած է հիւսիսի մէջ կացութիւնը փոխելու պատրաստուելու: Կը հետեւէր իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետի յայտարարութիւնը, թէ իրենք կը կեդրոնանան Հըզպալլայի դէմ կռիւին վրայ եւ կը պատրաստուին յարձակողական գործողութիւններու: Միջանկեալ կեցուածքներ իսրայէլացի պաշտօնատարներէ որոշ պայմանականութիւն կը ներդնէին այս սպառնալիքներուն` ընդգծելով, որ յարձակումը պիտի իրականանայ, եթէ Համասի հետ համաձայնութիւնը ձախողի, կամ մեծ յարձակումը թերեւս կատարուի, եթէ այլընտրանք գոյութիւն չունենայ: Բացարձակ հաստատումներուն կ՛ընկերակցէին «եթէ»-ներ` պատերազմի տեսութեան թէականութիւն հաղորդելով:

Այս ընթացքին, Իսրայէլ-Լիբանան պատերազմի բռնկման մեծ հաւանականութեան մասին կը խօսէր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Ուղերձին մէջ ակնկալելիօրէն սուր էր քննադատութիւնը Միացեալ Նահանգներուն հասցէին եւ յստակ էր զօրակցութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին:

Ուշագրաւ է պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Կանցի մօտեցումը առ այն, որ Իսրայէլ պէտք է ձգտի պատանդներու ազատ արձակման համաձայնութեան հասնիլ, եւ եթէ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն ընթացքին չկարենայ այդ առաջադրանքը իրականացնել, ապա պէտք է հիւսիս ուղղուիլ: Ընդդիմադիր դիրքերէ հանդէս եկող գործիչին հիւսիս ուղղուելու կոչը որոշ չափով համաիսրայէլեան որոշումի կը վերածէ դէպի Լիբանան կազմակերպուելիք գործողութիւններու հրամայականը:

Նոր մեծ ճակատ բռնկեցնելու պահանջի համաիսրայէլացման կը նպաստէր նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահը` ազդարարելով, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ամբողջական պատերազմի ծագումը օրերու հարց է, եւ թէ այլ ուղի չկայ իր երկրին համար:

«Օրերու հարց», «այլընտրանք չկայ», «այլ ուղի չունինք», «հիւսիս ուղղուինք» իսրայէլեան այս հրապարակումներն ու կոչերը համարժէք արձագանգ չեն ստանար լիբանանեան կողմէն: Այս արարին չ՛աշխատիր սպառնալիք-սպառնալիքի դիմաց բանաձեւը: Նախորդ արարներուն նման Թեհրանը եւս նոյն մակընթացութիւնները չ՛արձանագրեր:

Փորձենք այլ կեցուածքներու մէջ տեսնել պատերազմի բռնկումը արգելակող մօտեցումներ: Ուրեմն. ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կը յայտնէր, թէ կայ այն գաղափարը, որ Իսրայէլ կը մտածէ պատերազմի դիմել, ոչնչացնել Հըզպալլայի բոլոր հրթիռները: Ըստ անոր, խնդիրը այդքան պարզ չէ: Կախարդական լուծում չկայ: Կարելի չէ միւս կողմը ջախջախել: Իսրայէլ կրնայ պատերազմի աւարտին սուղ գին վճարել եւ իր նպատակները չիրագործել: Յստակ է, որ այստեղ աւելի զգուշացում կայ` ուղղուած Թել Աւիւին նման քայլերու չդիմելու:

Պատերազմի այլընտրանքին մասին կը խօսէր Իսրայէլի պետական հեռատեսիլը, երբ պարզ կը դարձնէր, որ ամերիկեան վարչակազմը, Համասի հետ բանակցութիւններուն մատնուած անելին լոյսին տակ, սկսաւ հիւսիսային ճակատին վրայ դիւանագիտական այլընտրանքային լուծում մը մշակել: Այս տեղեկութիւնը փաստօրէն կը խօսէր այն մասին, որ Կազայի համաձայնութեան չյանգելու պարագային, ոչ թէ դէպի Լիբանան նոր պատերազմի ծրագիր կայ, այլ դիւանագիտական լուծումի երթալու մասին կը մտածուի եւ գուցէ կը ծրագրուի:

Իսրայէլեան պետական լրատուամիջոցին եւ քուէյթեան մամուլին յայտարարածներուն միջեւ կայ քաղաքական առանցքի նոյնութիւն: Քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթը կը հաղորդէր, որ ամերիկեան աղբիւրներէ տեղեկացած է, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ վերջերս գումարուած առցանց ժողովի մը ընթացքին Հըզպալլայի ու Թել Աւիւի միջեւ բախումներուն վերջ տուող եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ցամաքային թղթածրարի շուրջ տագնապը վերջնականապէս փակող համապարփակ լուծումի մը ծիրին մէջ իրենց իսրայէլացի պաշտօնակիցներուն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տարածքներու փոխանակում առաջարկած են:

Պատերազմի այլընտրանքի տեսութեան հաւանականութիւնը տեսանելի դարձնող այս տեղեկութիւնները խորքին մէջ առանց ուղղակի նշելու, այդուհանդերձ  կը մօտենան ՄԱԿ-ի 1701 որոշումին:

 

«Ա.»