Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն կ՚ենթադրէ, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը շատ շուտով պիտի աւարտի։
«Մեզի անհրաժեշտ է յարաբերութիւններու որակական վերակառուցում ե՛ւ Եւրոմիութեան, ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Շատ շուտով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը պիտի աւարտի, եւ պիտի ստեղծուին բոլոր պայմանները թէ՛ Եւրոպական Միութեան, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու հետ Վրաստանի յարաբերութիւններու վերականգնման համար»,- ըսած է Քոպախիձէն։
Աւելի վաղ նման կարծիք յայտնած էր Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոն։
«Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կարճ ժամանակէն աւարտելու հաւանականութիւնը շատ մեծ է»,- ըսած էր Ֆիցոն։
Մինչդեռ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հոկտեմբեր 9-ին յայտարարած էր, որ մարտադաշտին մէջ ստեղծուած իրավիճակը «հնարաւորութիւն կը ստեղծէ» հակամարտութիւնը մինչեւ 2025 թուականը աւարտելու համար: