Երբ հանդիպեցան խաչն ու ատրճանակը Այնճարը ծնաւ։
Ծնաւ մեր աչքերուն, որպէս ոգեղէն ամրոց այն լեռներէն, որոնց վրայ մուսալեռցիք քառասուն օրեր դիմադրեցին օսմանեան բանակի գրոհներուն։
Առաջինը չէր Մուսատաղի հերոսամարտը, ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ հերոսական սխրանքներ սիրող մեր ժողովուրդին համար, սակայն մուսալեռցիներուն ընտրած ճամբան տարբեր երանգներ կը բովանդակէր։
Բաց աստի, որ մուսալեռցիք շատ կը սիրէին իրենց հողն ու տեղանքը, ապա նաեւ կը սիրէին հերոսութիւնը։
Ու ասկէ զատ ալ անոնց մէջ ուրիշ կրակ մըն ալ կար, որ քրիստոնէական նոր կրակն էր։
Անոնք շրջեցին բոլոր տեսակի կարծրատիպերը, որոնք կը խօսէին այն մասին, որ քրիստոնեաները ունակ չեն կռուելու ու մէկդի նետեցին «եթէ մէկը աջ երեսդ ապտակէ, ձախը դարձուր» մօտեցումը, զէնք առին իրենց ձեռքին ու բարձրացան լեռ։
Անզգամ եւրոպացին հազար անգամ մեծ հարցումներ տալէ ետք, հազար անգամ մտածելէ ետք որոշեց օգնութեան ձեռք մեկնել այն չորս հազար մուսատաղցիներուն, որոնք պիտանի պարէնը իրենց հետ առնելով սար բարձրացած էին։
Չեմ գիտեր պատմաբանները ինչ վերլուծութիւն կ՚ընեն ֆրանսական երկու նաւերուն մասին մասին, սակայն պատմութիւնը կ՚ըսէ որ գիշերային խարոյկին շուրջ «քրիստոնեաները վտանգուած են» դրօշակը պարզած ու կարմիր մեծադիր խաչը աշխարհին ցոյց տուող մուսալեռցիները տեսան երկու նաւեր։ Առաջինը՝ «Գիշէն», որ նոյնիսկ կրակ բացաւ օսմանեան բանակին վրայ ու քիչ անց հեռացաւ եւ երկրորդ նաւը՝ «Ժանն Տ’Արք»ը, որ եղաւ փրկութեան նաւ, եւ որուն միջոցաւ ալ մուսալեռցիք հասան եգիպտական ափ՝ Բորթ Սայիտ, որմէ ետք ալ հասան այդ օրերուն ճահիճի «տուն» համարուող Լիբանանի Այնճար գիւղը։
Այնճարը այսօրուան կտրուածքով Քեսապի կողքին միակ գիւղն է, որ հայկական գիւղ կարելի է համարել։
Միակ գիւղն է, ուր հայուն ճակատը սէգ է ու հպարտ նոյն Մուսա լերան բարձունքներուն նման։
Պատմութեան էջերէն դուրս գալով, մուսալեռցիք չմոռցան ամենակարեւորը. չմոռցան, որ քաջ են, չմոռցան, որ գլուխ ծռել չեն գիտեր ու չմոռցան նաեւ, որ հարկ եղած ատեն մինչեւ մահ կռուիլ գիտեն։
Կա՞յ մեր մէջ մէկը, որ վախկոտ մուսալեռցի, վախկոտ Այնճարցի տեսած է. պատասխանը ոչ է։
Անոնց դէմքերուն հողի գոյնն է, պրոնզի փայլով պատուած մօրուքներուն տակ, կայ գիւղի մշակոյթով եւ բարութեամբ ապրած մարդուն խորունկ հայեացքը։
Հիմա երբ այս տողերը կը գրեմ, քանի քանի Այնճարցի ընկերներու դէմքերը կ՚ուրուագծուին առջեւս. կարծես բոլորը կը շարուին դիմացս, ձեռք ձեռքի կու տան եւ յայտէ՝ կը բռնեն Մուսալերան հերոսական պարը...
Մինչեւ առաւօտ կը պարեն, կը խմեն, կ՚երգեն, ոտքի կը հանեն մեր երազները, կը յուշեն որ մենք ալ կռուիլ գիտենք, մենք ալ ոսոխը գետին փռել գիտենք, մենք ալ քաջութեան էջեր շարադրել գիտենք:
Ատկէ զատ ալ այնճարցիները (գրեթէ բոլորը) նաեւ բանաստեղծ են, բանաստեղծներու լեզուն գիտեն, բանաստեղծներու աղօթքը գիտեն, բանաստեղծներու կամքին մասին ալ գիտեն։
Անոնց մէջ անպայման թաքնուած գրողներ կան, գիրը սիրող են, օղին սիրող են, լաւ ճաշերը սիրող են, կիներուն հանդէպ ուշադիր եւ սիրալիր են։
Իսկ Այնճարի կանայք հրաշալի կիներ են, նուիրուած, արի, քաջ եւ հաւատարիմ։
Չկայ Այնճարցի կին մը, որուն հանդիպած ըլլամ, եւ որ ձեռքով ոտքով մեր ազգային կեանքի երակներուն մէջ մտած չըլլայ ու ամենակարեւորը որ այդ բոլորը կ՚ընեն ոչ թէ պարտականութիւն ընելու պէս, այլ նուիրուելով, տալով, սիրելով եւ պահելով։
Կը պահեն մեր ոգին, հեռու այդ գիւղին մէջ, որուն բոլոր թաղերը, բոլոր ճանապարհները, արահետները, եւ հեռու մինչեւ բարձր սարը տանող նոյնիսկ ցեխոտ ճամբաները մեր պատմութեան աւիշէն ջուր խմած են։
Ալ չեմ խօսիր Այնճարի հրաշալի ջուրին մասին, անոր փոքրիկ գետին մասին, որ մեր պատանեկանի օրերուն ցեխարշաւի ասպատակումներէն յետոյ մեզի համար կը դառնար փրկութեան ջուր։
Մուսա լեռը ես չեմ տեսած. անոր քղանցքներուն ընկերներով մենք պար չենք բռնած, սակայն գիտեմ, որ այդ լերան վեհութիւնը նախ եւ առաջ մեր մտքերուն մէջ աճած փրկութեան յոյսն է, յոյսն է, որ հայը պիտի չմեռնի, յոյսն է, որ անցած է ստրկութեան դարը եւ հաւատքն է, որ մենք օր մը դարձեալ այդ կողմերը մեր մեծ երազը պիտի կայմենք:
Այնճարի բերքը առատ, հոն ծնող բալիկները առողջ եւ քաջ, հոն ծնած սէրէրն անաղարտ ու մաքուր եւ հոն գրուած բոլոր տողերն ալ ճշմարիտ։
Մենք Մուսալեռ չունինք այսօր, Մուսալեռը հեռու չէ սակայն այնքան ատեն, որ Այնճարը կը փարի Լիբանանեան Պեքքայի հրաշալի կանաչին վրայ։ Կարծես սիրտ ըլլար Այնճարը, եւ ովասիս էր, որուն համար կը վազէինք, եւ կը հասնէինք անոր առաւօտեան տաք-տաք հացերը ճաշակելու...
Այնճարը սիրտ էր, սիրտ կու տար մեզի:
Եւ դրօշակ էր, դրօշակ է դեռ, որուն վրայ կարմիր խաչի մեծադիր պատկերը կայ եւ որուն համար անոր զաւակները դեռ ալ պատրաստ են մինչեւ վերջին կաթիլ արիւնը ՝ կռուելու։
Քաջերու բոյն է Այնճարը, քաջերուն գոյնը կարմիր է ու անոր համար ալ «Կարմիր Լեռ» է:
Քաջերու սէրն է Այնճարը, հզօր, շէնշող ու արեւով գինովցած անոր արեւածաղիկները կը բացուին մեր հոգիի շտեմարաներուն վրայ։
Անոնք մեզի քաջութիւն կը սորվեցնեն, քաջութեան մէջ հերոսութիւն կայ, կայ չմեռնելու ու փրկուելու կամք։
Մեր հերոսները չեն մեռնիր, անոնք ապրելու համար եղած են։
Անոր համար է նաեւ, որ խաչը եւ ատրճանակը կը միանան եւ հոն ալ կը կազմեն նոր Այնճար մը, որ մեզի հետ է միշտ, նոյնիսկ մեր հեռու-հեռուներուն մէջ։
...
Ատրճանակը եւ խաչը միացան ... եւ Այնճարը եղաւ։
Սագօ Արեան