Այսօր տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան արտահերթ նիստ, զոր վարած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, կը գրէ «Ժամանակ» թերթը:
Օրակագին մէջ ընդգկուած առաջին հարցով կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Պետական տուրքի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծին, որուն նպատակը օրէնքով ամրագրուած դրոյթներու համապատասխանեցումն է ՀՀ հարկային օրնսգիրքի 444-րդ յօդուածի 14-րդ մասով սահմանուած դրոյթներուն:
Երկրորդ հարցով գործադիրը որոշած է առաջարկել ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահին 22 Դեկտեմբերին, ժամը 12:00-ին գումարել ՀՀ ԱԺ արտահերթ նստաշրջան եւ օրակարգին մէջ ընդգրկել «Պետական տուրքի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին ՀՀ օրէնքի նախագիծն ու երեք միջազգային պայմանագիրներ: