Աշխարհ անհամբեր սպասումի մէջ է Թրամփի անակնկալ որոշումներուն։ Հայաստան անցեալին յուսախաբ եղած էր ու մեծ վնասներ կրած յատկապէս 2020-ի պատերազմի ընթացքին։ Պայտընի վարչակարգի օրօք չենք կրնար ըսել որ Հայաստան բախտաւոր գտնուեցաւ։ Արցախի կորուստը, արցախցիներու գաղթը, Ազերպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի գրաւումը, մշակութային ժառանգութեան քանդումը, Արցախի ղեկավարութեան գերեվարումը չարժանացան Ուաշինկթընի սուր հակազդեցութեան, պատիժներու։ Այնպէս որ մեծ յոյսեր պէտք չէ կապել Թրամփի վարչակարգին ալ։ Հայաստան ինքզինք բախտաւոր պէտք է սեպէ եթէ ԱՄՆ-ն գէթ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարէ։ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու դատավարութեան սկզբնաւորութեան՝ ԱՄՆ-ու նոր վարչակարգի արձագանգի բացակայութիւնը արդէն առաջին ազդանշանն է Հայաստանի հանդէպ անոր որդեգրելիք քաղաքական ուղեգիծին։
Տանըլտ Թրամփ նախագահական երդումով ամրագրեց իր յաղթական վերադարձը Սպիտակ տուն, հակառակ 2020 թուականի ընտրութիւններու պարտութենէն ետք իշխանութիւնը բռնագրաւելու փորձի մեղադրանքին, հակառակ գահընկէցութիւնը պահանջող երկու դատավարութիւններու, յանցագործութեան մեղադրանքի, հակառակ ենթարկուած մահափորձին…։ Արտասովոր ճակատագիրը անձնաւորութեան մը, որ իր դէմ ունէր բանտարկուելու բոլոր ազդակները, սակայն, պայքարեցաւ, յաղթահարեց եւ մանաւանդ ԱՄՆ-ու ժողովրդային խաւի մեծամասնութեան սրտին խօսող ընտրարշաւ մը բոլորեց։
Ընտրապայքարի երկրորդ շրջանին վայելեց զօրակցութիւնը աշխարհի ամէնէն յաջող ու հարուստ անձնաւորութեան՝ Իլոն Մասքի, որ իր կարգին ճամբայ բացաւ աշխարհի ամէնէն հարուստներու սեղմ ակումբի անդամներու զօրակցութեան ԱՄՆ-ու խնդրայարոյց նորընտիր նախագահին։
Նախագահ Պայտըն, նախքան իշխանութիւնը լքելը, խորհրդանշական յայտարարութիւն մը կատարեց, որ կրնայ երկար ժամանակ յիշուիլ՝ պատմութեան էջերուն մէջ ներկայ շրջանը յատկանշող ամէնէն նշանակալից խօսքը՝ «Ամերիկայի մէջ օլիգարխիա մը (սակաւապետութիւն) ձեւաւորուելու վրայ է՝ ծայրայեղ հարստութիւն, իշխանութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցող անձերէ կազմուած, որ արդէն կը սպառնայ մեր երկրի ժողովրդավարութեան, մեր հիմնական իրաւունքներուն, ազատութիւններուն եւ իւրաքանչիւրին արդար պայմաններու մէջ ապրելու կարելիութեան»։ Ակնյայտ է որ խօսքը կ՚ուղղուի «X» ընկերային ցանցի, «Space X»-ի սեփականատէր, «Թեսլա»-ի եւ տիեզերագնաց հրթիռներու նախաձեռնարկ Իլոն Մասքին, «Մեթա»-ի սեփականատէր Մառք Զուքերպերկին եւ «Ամազոն»-ի հիմնադիր Ճեֆ Պըզոսին, «Մայքրոսոֆթ»-ի Պիլ Կէյցին…
Նոյն մտավախութիւնը ունին Եւրոպայի երկիրներու ղեկավարները, առաջին կարգին՝ նախագահ Մաքրոն. ան չխնայեց իր քննադատութիւնը ուղղուած Իլոն Մասքին, որ անթաքոյց կերպով միջամուխ եղած էր եւրոպական երկիրներու քաղաքական ներքին կեանքին՝ ընտրապայքարի ընթացքին, որդեգրելով կարգ մը բռնատիրական երկիրներու ղեկավարներու, ինչպէս՝ Էրտողանի, Ալիեւի… յարիր վերաբերում։
Թրամփ եւ Մասք ձեռք-ձեռքի տուած՝ Արեւմտեան աշխարհի ժողովրդավարական աւանդութիւնները առանց բարդոյթի քանդելու, ոտնահարելու ընթացքի մէջ են։ Այս առումով անհաւատալի են Թրամփի՝ Գանատան, Կրէօնլանտն ու Փանաման ԱՄՆ-ու կցելու մասին յայտարարութիւնները։ Նոյնն է պարագան անոր՝ Իսրայէլի ցուցաբերած զօրակցութեան։ Ինչպէս անցեալին Երուսաղէմը ճանչցաւ Իսրայէլի մայրաքաղաք, այնպէս ալ Այսրյորդանանը կը կոչէ Հրէաստան-Սամարիա (Judée-Samarie) հրէական անուանումով, մէկ խօսքով ժխտելով պաղեստինցիներու պետութիւն ստեղծելու իրաւունքը։
Աշխարհի մեծագոյն տէրութեան կողմէ բարոյական ու արժեհամակարգային կանոններու ոտնահարումը կը մտահոգէ նախ եւ առաջ անոր եւրոպացի դաշնակիցները։ Բայց նաեւ Հայաստանը, որ նոր ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր մը կնքեց ԱՄՆ-ու պաշտօնաւարտ իշխանութեան հետ։ Որքանո՞վ Թրամփ պիտի յարգէ նախկիններու օրօք ստորագրուած համաձայնագիր մը, երբ ան ԱՄՆ-ու համար անմիջական տնտեսական շահ ապահովելու կարողութենէ զուրկ է։

Ժ.Չ.