Կառավարութեան 2025-ի առաջին նիստին՝ յունուար 9-ին, հաստատուած է «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծը։ Այն ուղարկուած է Ազգային ժողով։
Եթէ նախագիծն Ազգային Ժողովի կողմէ ընդունուի, Հայաստանը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորեց նախաձեռնութիւնը, սակայն շեշտեց, որ այս նախագիծը չենթադրեր Հայաստանի անդամակցութիւն Եւրոպական Միութեան։
«Այդ կէտում որոշում կայացնելը կարող է լինել միայն ու միայն հանրաքուէի ճանապարհով։ Ուրիշ տարբերակ չկայ»,-ըսած է Փաշինեանը՝ յիշեցնելով իր նախկին յայտարարութիւնը, որ Հայաստանը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան ըլլալ այնքան մօտիկ, որքան Եւրոպական Միութիւնը հնարաւոր կը համարէ։
Ըստ Փաշինեանի՝ այս նախագիծով «ոչ ոգեւորուելու շատ բան կայ, ոչ էլ լարուելու»։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ վիզաներու ազատականացման մասով պէտք է քայլեր ձեռնարկել, քանի որ, ըստ Փաշինեանի, Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպանատներուն մէջ ՀՀ քաղաքացիներու մեծ հոսքեր ձեւաւորուած են, որ դժգոհութիւններու կը յանգեցնէ։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ըսած է, որ կառավարութիւնը դրական դիրքորոշում յայտնած է նախագիծի վերաբերեալ՝ ելլելով քանի մը հանգամանքներէ։
«Նախ՝ վերջին տարիներին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպական միութիւնը բաւականին ինտենսիւ եւ դինամիկ յարաբերութիւններ են ձեւաւորել, որոնք ունեն հարուստ բովանդակութիւն եւ ընդգրկում են տարբեր ոլորտներ։ Եւրոպական միութիւնը տարբեր առիթներով ընդգծուած քաղաքական աջակցութիւն է յայտնել Հայաստանի ժողովրդավարութեանը»,- ըսած է Միրզոյեանը։
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է եւ, ըստ էութեան, ներգրաւուած է Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ անվտանգային միջավայրի ապահովման գործին։ Խօսքը քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան տեղակայման մասին է։
Կառավարութիւնը նաեւ որոշ առաջարկներ ունէր առաւելապէս իրաւական տեսանկիւնէ։ Առաջարկած են ժամկէտներ սահմանել ու խմբագրական փոփոխութիւններ կատարել։