image

ԱԺ յանձնաժողովը հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համաձայնագրին

ԱԺ յանձնաժողովը հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համաձայնագրին

Հայաստանի ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան միջեւ մաքսային մարմիններու փոխադարձ օգնութեան վերաբերեալ համաձայնագրի վաւերացման: 

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան միջեւ իրենց մաքսային մարմիններու փոխադարձ օգնութեան վերաբերեալ» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծը յանձնաժողովի նիստին ներկայացուցած է ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Ռաֆայէլ Գէորգեանը: 

Գէորգեանը յիշեցուցած է, որ անցեալ տարուան յունիս 11-ին Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կնքեցին համապատասխան պայմանագիր, որով մաքսային մարմինները տեղեկատւութեան փոխանակման որոշակի ռեժիմ պիտի ունենան: 

«Սա կարեւոր ձեռքբերում է թափանցիկութեան խթանման եւ տեղեկատւութեան փոխանակման ոլորտում: Սրանով չի սահմանափակւում ՀՀ-ի մաքսային ծառայութեան եւ Միացեալ Նահանգների մաքսային ծառայութեան եւ այլ գերատեսչութիւնների համագործակցութիւնը: Տուեալների փոխանակումից բացի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ նաեւ մեծ վերազինման նախագծեր ունենք: Այդ բոլոր գործընթացները պատշաճ կերպով առաջ են գնում»,-ըսած է Գէորգեանը:

Ան յոյս յայտնած է, որ այս տարի որոշակի սահմանային անցման կէտերու վրայ էական բարելաւումներ պիտի ըլլան՝ նաեւ օգտագործելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տրամադրած աջակցութիւնը: