image
Հրատապ լուրեր:

Իսլամներու Սուրբ գիրք՝ «Քորան»էն մէջբերում մը կատարելով Իրանի դիւանագիտութեան պետը շնորհաւորեց քրիստոնեաները

Իսլամներու  Սուրբ գիրք՝ «Քորան»էն մէջբերում մը կատարելով Իրանի դիւանագիտութեան պետը շնորհաւորեց  քրիստոնեաները

25 Դեկտեմբերին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէջբերելով Քորանի «Մարիամ» գլուխէն ընթերցուածք մը, շնորհաւորած է ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաները եւ մանաւանդ Իրանի քրիստոնեաները Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Ilna.news կայքէն:

Արտաքին գործոց նախարար՝ Ամիր Ապտըլ Լահիանի շնորհաւորական ուղղերձին մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Կը շնորհաւորեմ բոլոր քրիստոնեաները, եւ մանաւանդ իմ հայրենիքի յարգալից ու հայրենասէր քրիստոնեայ զաւակները, Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, Ան, որ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մարգարէն է, ինչպէս նաեւ այլասիրութեան դրօշակակիրը: Ս. Ծնունդը տօնակատարութեան շրջան է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն համար եւ յատկապէս իմ հայրենիքի մէջ ապրող յարգարժան քրիստոնեաներուն համար»:

Նախարարը ուղերձին մէջ շարունակած է. ««Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքով յառաջացած ներկայ դժուար պայմաններուն տակ, ողջ մարդկութիւնը աւելի քան երբեւիցէ կարիքը ունի  բարեկամութեան, եւ երկնային մարգարէներու հոգեւոր պատգամներուն...Կը մաղթենք բոլոր երկնային կրօններու հետեւորդներուն միջեւ խաղաղ համակեցութիւն, ինչպէս նաեւ բռնակալութեան եւ անարդարութեան վերացում»:

Ապա նախարարը եզրափակած է ուղերձը մաղթելով համայն աշխարհի մարդկութեան եւ ի մասնաւորի քրիստոնեաներուն առողջութեամբ, երջանկութեամբ ու բարօրութեամբ լի տարի մը: 

Աղբիւրը նշած է, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր Թուիթըրի էջով հրապարակած է նաեւ արաբերէն լեզուով շնորհաւորական խօսք Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ: