Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին այսօր համատեղ հեռախօսազրոյց պիտի ունենայ Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ ԵՄ գերագոյն ներկայացուցիչ Քայա Քալլասի հետ, յայտնած է Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Իսմայիլ Պաղային:
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին պիտի քննարկուի միջուկային հարցը եւ Իրանի պահանջները, ինչպէս նաեւ կողմերուն՝ Իրանի միջուկային կառոյցներու դէմ կատարուած յանցաւոր յարձակումներու համար պատասխանատւութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը։