«Երկու երկիրներն ալ հաստատած են, որ ԱՄՆ ուժերը Իրաքի մէջ կը գտնուին Իրաքի կառավարութեան հրաւէրով, որպէսզի աջակցին հանրապետութեան անվտանգութեան ուժերուն՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին: Այս խմբաւորման աճող ներուժէն ելլելով` երկու կողմերն ալ հաստատած են, որ ԱՄՆ-ի եւ դաշինքի ուժերու առաքելութիւնը այժմ ուղղուած պէտք է ըլլայ մարզչական եւ խորհրդատուական առաջադրանքներու վրայ, որմէ ետք հնարաւոր պիտի ըլլայ մնացած մարտական ուժերը տեղափոխել Իրաքէն: Զօրքերը դուրս բերելու ժամկէտները պիտի որոշուին առաջիկայ խորհրդատուութիւններու ընթացքին», - ըսուած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: