image

Պահրէյնի եւ ԱՄԷ-ի Ամերիկեան եւ Իսրայէլեան ձեռնարկութիւնները իրանեան կրակի թիրախ

Պահրէյնի եւ ԱՄԷ-ի Ամերիկեան եւ Իսրայէլեան ձեռնարկութիւնները իրանեան կրակի թիրախ

Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը (ԻՅՊԿ) յայտարարած է Ապու Տապիի մէջ ամերիկեան United States Steel ձեռնարկութեան, Պահրէյնի մէջ ԱՄՆ-ի ալիւմինի գործարանին եւ իսրայէլեան Rafael պաշտպանական ընկերութեան արտադրական կարողութիւններուն վրայ իրականացուած յարձակման մասին։

Ինչպէս կը հաղորդէ Tasnim գործակալութիւնը, սա պատասխան գործողութիւն է՝ ուղղուած Իրանի պողպատաձուլական գործարաններու ռմբակոծումներուն։

«Մենք զգուշացուցած էինք, թէ իրանական արդիւնաբերութեան վրայ կրկնակի յարձակումի պարագային պիտի ոչնչացնենք սիոնիստական վարչակարգի արդիւնաբերութիւնը եւ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ձեռնարկութիւնները։ Սակայն թշնամին, որ պարտութիւններու դառնութենէն կորսնցուցած է հաշուարկելու կարողութիւնը, անտեսեց զգուշացումները եւ հարուածեց մեր մետաղագործական արդիւնաբերութիւնը»,–ըսուած է Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութեան մէջ։