image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հայաստանի նախընտրական շրջանը ամբողջական շարժման մէջ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հայաստանի նախընտրական շրջանը ամբողջական շարժման մէջ

Յունիս 7-ին կայանալիք Հայաստանի ընտրութիւններուն մնացած է կարճ ժամանակ: Տարբեր կուսակցութիւններ հերթաբար կը յայտարարեն իրենց մասնակցութեան ձեւաչափը, ու կը սպասուի, որ թէժ նախընտրական պայքար ընթանայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր շարք մը կուսակցութիւններու ու դաշինքներու միջեւ: Առայժմ տիրող կարծիքը այն է, որ հիմնական մրցակցութիւնը պիտի սահմանափակուի իշխող ուժին եւ գլխաւոր երեք խմբաւորումներու միջեւ, որոնք յառաջիկայ երեք ամիսներուն պիտի փորձեն արժանանալ ժողովուրդի վստահութեան ու ստանալ քուէարկողներու առաւել մեծ թիւով ձայները:

Փաշինեանի կողմնակիցները աւելի քան վստահ են իրենց յաղթանակին` նկատի ունենալով նախորդ ընտրութիւններէն ասդին երկրէն ներս արձանագրուած յառաջողութիւնները, որոնց շարքին խաղաղութեան հաստատումը, տնտեսական յառաջխաղացքը, աշխատավարձերու բարձրացումը արտաքին ֆինանսական ներդրումները, առողջապահութեան համընդհանուր ապահովագրութիւնը, ժողովրդավարութեան ու ազատութիւններու ամրապնդումը եւ շարք մը այլ նուաճումներ:

Ընդդիմադիր դաշտին վրայ գլխաւոր խաղացողները պիտի հանդիսանան տնային կալանքի տակ գտնուող Ռուսահպատակ միլիառատէր` Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած «Մեր Ձեւով» շարժումը, որ այժմ վերածուած է կուսակցութեան` «Հզօր Հայաստան» անուան տակ, Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը ու գործարար Գագիկ Ծառուկեանի շուրջ տեղի ունեցող համախմբումը:

Սկսելով «Հզօր Հայաստանով» նկատելի է, որ այս կուսակցութիւնը մեծ գումարներ կը ծախսէ` ժողովուրդի քուէն  ստանալու համար: Ան կու տայ խոստումներ, որոնք կը թուին ըլլալ դժուար իրագործելի, որոնց շարքին 300 հազար նոր աշխատատեղերու ստեղծում, նոր գործարաններու հաստատում, որոշ եկամտահարկերու վերացումը եւ շարք մը այլ խոստումներ: Այս նոր կուսակցութեան ներկայացուցիչները հեռու կը մնան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հետ կապուած հարցերուն անդրադառնալէ ու յստակ դիրքորոշում ճշդելէ շատ լաւ գիտակցելով, որ այդ հարցերուն տրուած պատասխանները կրնան վնասել իրենց վարկանիշին:

«Հզօր Հայաստանը» յաջողութեան հասնելու համար պէտք է յաղթահարէ շարք մը օրինական խոչընդոտներ ու իր ղեկավարի անձին շուրջ ձեւաւորուած կարծիքները: Սամուէլ Կարապետեանը ըլլալով երկքաղաքացի եւ ունենալով առնուազն երեք երկիրներու` Ռուսաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն, իրաւունք չունի ստանձնելու վարչապետի պաշտօնը: Այս հարցը լուծելու համար Կարապետեանի կողմնակիցները կ’ապաւինին նորընտիր Ազգային Ժողովին կողմէ կատարուելիք սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որոնց համար պէտք է ունենալ 2/3 մեծամասնութիւն: Թէ ինչպէ՞ս  պիտի ապահովուի այդ մեծամասնութիւնը յստակ չէ: Թէեւ օրինական արգելքը լուծելու համար կայ աւելի հեշտ ձեւ` հրաժարիլ այլ երկիրներու քաղաքացիութենէ ու դառնալ միայն Հայաստանի քաղաքացի, սակայն Կարապետեան չուզեր առայժմ դիմել այդ քայլին` խոստանալով այդ հարցին անդրադառնալ ընտրութիւններէն ետք միայն:

Միւս կողմէ  շատերու մօտ  կայ տիրապետող կարծիք,  որ Սամուէլ Կարապետեան ուղարկուած է Մոսկուայէն` Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար` գործի դնելով իր եւ Ռուսաստանահայ շարք մը այլ օլիկարխներու յատկացուցած միլիոնաւոր տոլարները:

«Մեր Ձեւովի» դէմ կ’աշխատին նաեւ անոնց անփորձառութիւնը: Օրինակ «Հզօր Հայաստան» կուսակցութեան համագումարին Սամուէլ Կարապետեան ելոյթ ունեցաւ արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած տեսաժապաւենով, ուր կ’օգտագործուէր այլ անձի մը ձայնը: Ընտրական ցուցակի առաջին համարը հանդիսացող Նարեկ Կարապետեան կը յայտարարէ, թէ «դպրոցներ բանալու փոխարէն պէտք է բանալ գործարաններ», իսկ ժամանակները փոխուած են ու այսօրուան գործարանները պէտք ունին բարձր գիտելիքներ ունեցողներու: Սամուէլ Կարապետեան որդին կը գործէ անընդունելի սխալներ` «կաֆեր»,  հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարելով, որ իրենց իշխանութեան գալու պարագային «Հայաստանի մէջ չեն մնալու չբաւարարուած կանայք», վիրաւորելով ամբողջ հայութեան արժանապատուութիւնը: Իսկ մի քանի օր առաջ, այլ ներկայացուցիչները  ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած տեսագրութեամբ, Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը` Կիւմրին կը կոչեն «գիւղ»: Նման երեւոյթներ ու արտայայտութիւններ կը վնասեն կուսակցութեան  հանրային դիմագիծին ու կը վանեն մեծ թիւով ընտողններու:  Արդեօ՞ք Կարապետեան պիտի կարողանայ դրամի զօրութեամբ յաղթահարել այս բոլորը ու հասնիլ իշխանութեան, կը մնայ հարցական:

Յաջորդիւ կ’անդրադառնանք այլ կուսակցութիւններու ու դաշինքներու:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»

02/28/2026