Իրանի հարեւան երկիրները պէտք է ընդունին, որ Միացեալ Նահանգները անկարող է ապահովել իրենց անվտանգութիւնը, եւ աջակցին Թեհրանի դիրքորոշման, որ կը պնդէ տարածաշրջանէն ամերիկեան ուժերու անյապաղ հեռացման անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին՝ Սէուտական Արաբիոյ ուղղուած ուղերձին մէջ։
«Իրանը կը յարգէ Սէուտական Արաբիան եւ զայն կը նկատէ եղբայրական երկիր։ Մեր գործողութիւնները ուղղուած են յարձակող թշնամիներուն դէմ, որոնք ոչ մէկ յարգանք ունին ո՛չ արաբներուն եւ ո՛չ ալ իրանցիներուն հանդէպ եւ չեն կրնար ապահովել որեւէ անվտանգութիւն»,– գրած է ան X-ի իր էջին վրայ։
Այս առնչութեամբ Արաքչին խորհուրդ տուած է ուշադրութիւն դարձնել այն բանին, թէ ինչ ըրած է Իրանը ԱՄՆ-ի «ռազմաօդային հրամանատարութեան» հետ։ Ան իր գրառման կցած է խոցուած ամերիկեան օդանաւի պատկեր մը։

Արաքչին աւելցուցած է, որ «եկած է ժամանակը հեռացնելու ամերիկեան զօրքերը տարածաշրջանէն»։
Օրեր առաջ Իրանը հարուած հասցուցած էր Սէուտական Արաբիոյ «Արքայազն Սուլթան» օդակայանին մէջ գտնուող ռազմակայանին։ Հարուածին հետեւանքով վիրաւորուած էին 12 ամերիկացի զինծառայողներ, վնասուած էին ամերիկեան լիցքաւորող օդանաւեր, խոցուած էին անօդաչու թռչող սարքեր։ Ոչնչացուած էր նաեւ Boeing ընկերութեան արտադրած՝ շուրջ 300 միլիոն տոլար արժողութեամբ E-3 Sentry տեսակի օդանաւ մը։