image

Իրաք - ԱՄՆ պայմանաւորուածութիւն ամերիկեան զօրքերը երկրէն դուրս բերելու մասին

Իրաք - ԱՄՆ պայմանաւորուածութիւն ամերիկեան զօրքերը երկրէն դուրս  բերելու մասին

 

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի պատուիրակութիւնները ռազմավարական երկխօսութեան ընթացքին համաձայնութեան եկած են, որ ԱՄՆ-ի եւ դաշինքի ուժերը հետագային կրնան դուրս բերուիլ երկրէն, ժամկէտները պիտի որոշուին խորհրդատուութիւններու ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը` յղում տալով 2 երկիրներու կառավարութիւններու համատեղ յայտարարութեան:

 


«Երկու երկիրներն ալ հաստատած են, որ ԱՄՆ ուժերը Իրաքի մէջ կը գտնուին Իրաքի կառավարութեան հրաւէրով, որպէսզի աջակցին հանրապետութեան անվտանգութեան ուժերուն՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին:  Այս խմբաւորման աճող ներուժէն ելլելով` երկու կողմերն ալ հաստատած են, որ ԱՄՆ-ի եւ դաշինքի ուժերու առաքելութիւնը այժմ ուղղուած պէտք է ըլլայ մարզչական եւ խորհրդատուական առաջադրանքներու վրայ, որմէ ետք հնարաւոր պիտի ըլլայ մնացած մարտական ուժերը տեղափոխել Իրաքէն: Զօրքերը դուրս բերելու ժամկէտները պիտի որոշուին առաջիկայ խորհրդատուութիւններու ընթացքին», - ըսուած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: