Իրանի հակազդեցութիւնը «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման պայմանաւորուած է անով, որ Արեւմուտքը, ՆԱԹՕ-ի քօղի տակ, կ՚ուզէ արեւելք-արեւմուտք փոխադրումներ իրականացնել Ատրպէյճանի, Կասպից ծովու եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքով, եւ միայն Իրանը հասկցաւ այս դաւադրութեան խորութիւնը. այս մասին, khabaronline.ir կայքի հաղորդմամբ, ըսած է երկրի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէիի՝ միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթին:
Ան ընդգծած է, որ ի տարբերութիւն Արեւմուտքի, որ չունի բարի նպատակներ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իսկապէս կ՚ուզէ իր ատրպէյճանցի եղբայրներու բարօրութիւնը։
Վելայաթին նաեւ աւելցուցած է, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մեկնարկած քառօրեայ զօրավարժութիւնները ցոյց կու տան փոխվստահութեան աճ:
«Տայ Աստուած, որ սա շրջադարձային ըլլայ տարածաշրջանի պատմութեան մէջ եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատում՝ այս զգայուն տարածաշրջանին մէջ: Իրանի եւ Ատրպէյճանի համատեղ զօրավարժութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն է, որ Հարաւային Կովկասի հարցով Գերագոյն առաջնորդի խոհեմ քաղաքականութեան արդիւնքն է եւ ցոյց կու տայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու եւ բարիդրացիութեան աճող ամրապնդումը»,-ըսած է խորհրդականը:
Ան աւելցուցած է, որ «վերջին տարիներուն՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգները ՆԱԹՕ-ի քօղի տակ կը փորձէ ներթափանցել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջան եւ գործնականօրէն այլընտրանք ստեղծել, քանի դեռ Ռուսիոյ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրայ»։
Ըստ Վելայաթիի՝ «Արեւմուտքն Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ եւ իր որոշ դաշնակիցներու օգնութեամբ ձեռնարկած է գործողութիւններ, որոնք բացայայտած են, որ Արեւմուտքը եւ ՆԱԹՕ-ն ազնիւ մտադրութիւններ չունին Հարաւային Կովկասի հետ կապուած»։