Երեխաներու համաշխարհային օրուան առիթով նկարչական ցուցահանդէս տեղի ունեցած է Աթէնքի «Մելինա» մշակութային կեդրոնին մէջ:
«Արեւելք» ասոր մասին իմացաւ Թեմակալ Առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ այդ գրառումը՝
17 Յունիսին «Մելինա» մշակութային կեդրոնին մէջ բացումը կատարուած է Երեխաներու «Համաշխարհային Օրուան» նուիրուած նկարչական ցուցահանդէսին, «Տիեզերական արուեստ» փառատօնին ծիրին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանի տարբեր արուեստի դպրոցներու պատկանող 5-18 տարեկան աշակերտներու աշխատանքները՝ արտացոլող մանուկներու աշխարհընկալումը, երազանքները եւ խաղաղութեան պատկերացումները։
Գերաշնորհ Տ. Խորէն Եպիսկոպոս Առաքէլեան ներկայ գտնուած է այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան, եւ հանդիպած Հայաստանէն ժամանած փոքրիկ նկարիչներուն հետ։ Հետաքրքրական եւ ջերմ զրոյցներ ունենալով, լսած է անոնց պատմութիւնները, տեսած մանուկներուն ստեղծագործութիւններուն միջոցով արտայայտուած յոյզերն ու աշխարհայացքը։
Նման նախաձեռնութիւններ կարեւոր են ոչ միայն երեխաներու ստեղծագործական մտածողութեան զարգացման, այլ նաեւ ազգերու միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդման համար։
Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 30 Յունիս, եւ քաջալերելի է այցելել ու գնահատել մանուկներու աշխարհը՝ անոնց գոյներուն եւ գիծերուն լեզուն։