image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանն ու Լիւքսեմպուրկը ռազմավարական գործընկերութեան մասին համատեղ հռչակագիր ստորագրած են

Հայաստանն ու Լիւքսեմպուրկը ռազմավարական գործընկերութեան մասին  համատեղ հռչակագիր ստորագրած են

Դեկտեմբեր 16-ին Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան արտաքին գործոց նախարար Քսավիէ Պեթելը ռազմավարական գործընկերութեան մասին համատեղ հռչակագիր ստորագրած են։ Այս մասին յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Ռազմավարական գործընկերութեան հաստատմամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութիւնը վերահաստատած են իրենց վճռականութիւնը խորացնելու յարաբերութիւնները քաղաքականութեան, տնտեսութեան, պաշտպանութեան, անվտանգութեան, արդարադատութեան, մշակոյթի, կրթութեան, շրջակայ միջավայրի ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրելու ատոնց ընդլայնման հնարաւորութիւնները նոր ոլորտներու մէջ։

Հայաստանը եւ Լիւքսեմպուրկը վերահաստատած են իրենց գործընկերութեան հիմքը կազմող հիմնարար արժէքները, ներառեալ՝ ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման յանձնառութիւնը, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութիւնն, ինչպէս նաեւ բազմակողմանիութեան եւ կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային կարգի խթանումը:

Երկու երկիրները կը վերահաստատեն ՀՀ ձգտումը՝ ամրապնդելու իր քաղաքական, տնտեսական, անվտանգային, մշակութային եւ ընկերային կապերը Եւրոպական միութեան եւ ժողովրդավարական պետութիւններու աւելի լայն համայնքի հետ:

Ընդգծելով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման կարեւորութիւնը՝ Հայաստանը եւ Լիւքսեմպուրկը պիտի խթանեն երկկողմ թեմատիկ կանոնաւոր խորհրդակցութիւններու հաստատումը՝ կեդրոնանալով Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն Հայաստանի մօտարկմանն ուղղուած աջակցութեան, ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի («CEPA») եւ ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգի լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացման առաջմղման, ինքնիշխանութեան եւ դիմակայունութեան բարձրացման, ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման եւ մարդկային իրաւանց ու հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան վրայ:

Հայաստանը եւ Լիւքսեմպուրկը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնն՝ ըստ հնարաւորութեան զարգացնելու եւ ընդլայնելու տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւններն՝ առաջնահերթութիւն տալով փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն: Ճանչնալով Հայաստանի՝ որպէս դէպի ծով ելք չունեցող՝ համաշխարհային առեւտրային շուկաներու սահմանափակ հասանելիութեամբ երկրի առջեւ ծառացած բազմակողմանի մարտահրաւէրները՝ կողմերը պիտի ընդլայնեն համագործակցութիւնը տարածաշրջանային եւ միջազգային առեւտուրի եւ փոխադրային կապակցուածութեան խթանման համար՝ այդ շարքին իրար նախագիծերուն աջակցելու միջոցով, ինչպիսին է Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը: