Լիբանան- Լիբանանեան կայանի նկարահանման սարքը ջարդուփշուր եղած է: Ապահովական ուժեր յարձակած են LBCI կայանի լրագրողական խումբին դէմ: Կայանի լրագրող Սամի Պայթամունի վիրաւորուած է իսկ անոր նկարահանող սարքը կոտրուած: Նշենք, որ մինչեւ այս պահը բախումներ տեղի կ'ունենան բողոքի հաւաք կատարողներուն եւ ցուցարարներուն միջեւ: Մինչեւ այս պահը վիրաւորեալներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: Ցուցարարները կը մերժեն հեռանալ Րիատ Սոլհ շրջանէն եւ անոնք կը պահանջեն ներքին գործոց նախարար Նոհատ Ալ Մաշնուքի հրաժարականը: