image

ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Նոր Շէնքի Շինարարութիւնը Ընթացքի Մէջ Է

ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Նոր Շէնքի Շինարարութիւնը Ընթացքի Մէջ Է

Ստեփանակերտ- Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շէնքը վերջին տարիներուն գտնուած էր բաւական անմխիթար վիճակի մէջ, որու հետեւանքով 2014ի Ապրիլին, ԼՂ-ի պատկան մարմիններու գրասենեակը շէնքը նկատած է վթարային եւ մանկապարտէզը փակելու պահանջներ կայացուցած է: Այս մասին տեղեկացնելով, «Ասպարէզ» կը նշէ նաեւ, որ ՀՕՄի Արցախի միաւորի եւ միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցին կողմէ խնդրին լուծում տալու նպատակով անմիջապէս կեանքի կոչուած է միասնական ջանքերով նոր մանկապարտէզ կառուցելու ծրագիրը: Այսօր արդէն ՀՕՄի կողմէ կատարուած դրամահաւաքին շնորհիւ հիմնովին նոր մանկապարտէզ կը կառուցուի, որու 2-րդ յարկի շինարարութիւնը արդէն աւարտուած է: Կը նախատեսուի, որ 2017 թուականի գարնանը մանկապարտէզը գործածելի ըլլայ: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ ներկայիս ժամանակաւորապէս այլ տեղ գործող «Սօսէ» մանկապարտէզը կը յաճախեն շուրջ 70 երեխաներ: Կը նշուի նաեւ, որ ներկայիս Արցախի մէջ կը գործեն 8 մանկապարտէզներ՝ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մեծ Թաղերի, Տողի, Ակնաբերդի, Աշանի, Խնձրիստանի եւ Քարեգահի մէջ: