image

Լաչինի ճանապարհը կրնայ բացուիլ 24 ժամուան ընթացքին. Հիքմեթ Հաճիեւ

Լաչինի ճանապարհը կրնայ բացուիլ 24 ժամուան ընթացքին. Հիքմեթ Հաճիեւ

Աղտամով ճանապարհի բացումէն ետք 24 ժամուան ընթացքին Լաչինի ճանապարհն ալ կը բացուի․ BBC-ի հետ զրոյցին նման յայտարարութիւն ըրած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ։

«Որքան շատ ճանապարհներ՝ այնքան լաւ բոլորի համար»,- ըսած է Հաճիեւ։

Ան աւելցուցած է, որ «Ղարաբաղի հայերուն առաջարկուած են նոյն լեզուական, մշակութային, կրօնական եւ ինքնակառավարման իրաւունքները, որ կը վայելեն Ատրպէյճանի քաղաքացիները»։