image

Մէկ ամսուան ընթացքին երրորդ անօդաչու սարքը ինկած է Մոսկուայի «Մոսկուա սիթիի» շրջանին մէջ

Մէկ ամսուան ընթացքին երրորդ անօդաչու սարքը ինկած է Մոսկուայի «Մոսկուա սիթիի» շրջանին մէջ

Ուրբաթ՝ 18 օգոստոսի գիշերը, անօդաչու թռչող սարք ինկած է, Մոսկուայի «Էքսփօկեդրոն»ի տարածք, Քրասնոփրեսնենսքի ափին, որու մէկ կողմը Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան շէնքն է եւ միւս կողմը՝ Մոսկուայի քաղաքային առեւտրական թաղամասը: Այստեղ արդէն երկու անգամ անօդաչու թռչող սարք ինկած է այս ամառ՝ յուլիսի վերջերը եւ օգոստոսի սկիզբը։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յարձակման համար մեղադրած է Ուքրանիան։ Քիեւ պաշտօնապէս չէ մեկնաբանած իրավիճակը։

Մոսկուայի քաղաքապետ Սոպեանին գրած է, որ անօդաչու թռչող սարքի բեկորները «էական վնաս չեն հասցուցած տաղաւարներուն»։ ԹԱՍՍ վկայակոչելով իր աղբիւրը, յայտնած է ցուցահանդէսային կեդրոնի շէնքերէն մէկու արտաքին պատի՝ 30 քառ.մեթր տարածքի մասնակի փլուզման մասին:

Զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան։