image

Հնչակեան Քսաններու Ոգեկոչման ձեռնարկ՝ Պէյրութի մէջ

Հնչակեան Քսաններու Ոգեկոչման  ձեռնարկ՝ Պէյրութի  մէջ

Հնչակեան Քսաններու ոգեկոչման  ձեռնարկ մը տեղի  ունեցած է   երէկ Պէյրութի մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՍԴՀԿ Լիբանանի  Վարիչ Մարմնի  քարոզչական դիւանին մէջ եւ տեղի ունեցած ՀԿԲՄ «Սահակեան  Լեւոն Մկրտիչեան» վարժարանին  շրջափակէն  ներս: Հանդիսութեան  ներկայ եղած են Լիբանանի մօտ ՀՀ  դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան,   ՀՅԴ  եւ ՌԱԿ   պատասխանատուներ, ազգային եւ  հասարակական գործիչներ  եւ  բազմահոծ հանրութիւն մը:  Ձեռնարկին  կուսակցութեան անունով  պատգամներ փոխանցած են ՍԴՀԿ   Շրջանային Վարչութեան  ատենապետ՝  Տիար  Կիրակոս Թիւթիւնճեան  եւ  «Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան» վարժարանի տնօրէն ՝ Տիար Նազարէթ  Ճէրէճեան:   Գործադրուած է  նաեւ   գեղարուեստական յայտագիր: