image

Պէյրութի մէջ առկայ վիճակին վերաբերեալ քննարկման հաւաք` «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ

Պէյրութի մէջ առկայ վիճակին վերաբերեալ քննարկման հաւաք` «Շաղզոյեան»  կեդրոնին մէջ

Պէյրութի մէջ, Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ գումարուեցած է հայկական համայնքային, բարեսիրական եւ ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու լայն հանդիպում մը`քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հաւանական որեւէ զարգացումի ժամանակ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի «Ազդակ»էն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական եւ ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու լայն հանդիպում մը`քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հաւանական որեւէ զարգացումի ժամանակ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները:

Երեսփոխան Բագրատունի ներկայացնելէ ետք ներկայ իրավիճակը, ժողովականները միասնաբար ճշդեցին ստիպողական վիճակներու պարագային ձեռք առնուելիք անհրաժեշտ միջոցները` ապահովելու համար մեր ժողովուրդի հիմնական կարիքները` եւ կանխարգիլելու խուճապային մթնոլորտը:

Երեսփոխանական գրասենեակի հրաւէրով կայացած այս հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Անի Պուճիգանեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, «Ճինիշեան» հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Թալին Թերզեան եւ հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ Լենա Տանաօղլեան: