Հնչակեան Քսաններու ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է երէկ Պէյրութի մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմնի քարոզչական դիւանին մէջ եւ տեղի ունեցած ՀԿԲՄ «Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան» վարժարանին շրջափակէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ եղած են Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ պատասխանատուներ, ազգային եւ հասարակական գործիչներ եւ բազմահոծ հանրութիւն մը: Ձեռնարկին կուսակցութեան անունով պատգամներ փոխանցած են ՍԴՀԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Կիրակոս Թիւթիւնճեան եւ «Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան» վարժարանի տնօրէն ՝ Տիար Նազարէթ Ճէրէճեան: Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: