image
Հրատապ լուրեր:

ՀԵԸ-ական Սահակ Պիտինեան Լիբանանի Փինկ փոնկի Ֆետերասիոնի անդամ. Հաղորդագրութիւն

ՀԵԸ-ական Սահակ Պիտինեան Լիբանանի Փինկ փոնկի Ֆետերասիոնի անդամ. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի Փինկ փոնկի Ֆետերասիոնը Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր, 2020-ին Մոն Լա Սալի մէջ գումարեց իր ընդհանուր ժողովը: Ժողովին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ արտօնագիրով գործող 102 ակումբներէն 76-ը: ՀԵԸ-ի ընտանիքը ժողովին մասնակցեցաւ երեք ներկայացուցիչներով՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ:

Ընթացաւարտ Ֆետերասիոնին նիւթաբարոյական տեղեկագիրը լսելէ ետք, տեղի ունեցաւ նոր ֆետերասիոնի կազմի ընտրութիւն: ՀԵԸ-Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիրի անդամ եւ փինկ փոնկի դպրոցի պատասխանատու եւ մարզիչ՝ Սահակ Պիտինեան եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ՝ Ռաֆֆի Մունջողլեան ընտրուեցան նոր Ֆետերասիոնի անդամ:

Յանուն բոլոր ՀԵԸ-ականներուն ջերմապէս կը շնորհաւորենք Սահակ Պիտինեանը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: