Չորեքշաբթի, 29 յունուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը համալսարանի հայագիտական տարեգիրքին. երրորդ տարին է ահա, որ լոյս կը տեսնէ երկու գիրքով` մին տարուան կիսուն, միւսը` աւարտին:
44-րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսին ներկայ էին` Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներ դոկտ. Նարինէ Մարգարեան եւ դոկտ. Սեդա Պարսամեան, հոգեւոր, կրթական, ակադեմական շրջանակներէ մարդիկ, գրասէր հայորդիներ: Կեդրոնական սեղանին ցուցադրուած էին հանդէսի վերջին երկու տարիներու հատորներէն, որոնք տրամադրելի էին փափաքողներուն:
Բացման խօսքը կատարեց «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ ողջունեց ներկաները, Երեւանէն ժամանած հիւրերը եւ նշեց, որ հանդէսի շնորհահանդէսի այս աւանդութիւնը սկսած էր 1993-ին, ապա հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու յիշատակը խմբագրակազմի անդամ, հանգուցեալ դոկտ. Արշալոյս Թոփալեանին, որ 36 տարիներ շարունակ դասաւանդած է Հայկազեան համալսարանին մէջ եւ 33 տարիներ անդամ եղած է հանդէսի խմբագրակազմին: Դոկտ. Իւրնէշլեան ընդգծեց, թէ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի հատորները, համալսարանի, հանրային դասախօսութեանց շարքերը, միջինարեւելեան հայօճախներու նուիրուած գիտաժողովները` «Ածու փոքր եւ թուով յուժ ընդ փոքու սահմանեալ այս համալսարանը կը դնեն հայագիտութեան զարգացման համահայկական քարտէսին վրայ»: Ապա ան մատնանշեց, որ 44-րդ հատորի զոյգ գիրքերուն 41 յօդուածները, հրապարակումներն ու հաղորդումները աշխատակցութիւնն են Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ գործող 34 հայ ու ոչ հայ հեղինակներու, եւ աւելցուց, որ այդպիսով հայագիտական հանդէսը հայագիտական հանրութեան մատուցած կ՛ըլլայ 1189 յօդուած, հայագիտութեան 394 երախտաւորներու գիտական մահագրական` ամփոփուած 24.948 էջերու մէջ:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց հիւր բանախօս, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող դոկտ. Նարինէ Մարգարեանը:
Դոկտ. Մարգարեան շնորհաւորեց համալսարանը անոր գիտակրթական բեղուն գործունէութեան 70-ամեակին առիթով` ընդգծելով, որ այդ առումով «Առանձնայատուկ ու հայութեան համար կարեւոր ուղղութիւն է ապահովում, եւ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի «եռանդուն ջանքերի շնորհիւ է հրատարակւում Հայկազեանի հայագիտական հանդէսը` կարեւոր եւ եզակի երեւոյթ` սփիւռքում»` աւելցնելով, որ «Հանդէսը ակադեմական կարեւոր ձեռքբերում է, որը բովանդակային ընդարձակ շրջագիծ ունի, գիտական շրջանառութեան մէջ է դնում նորանոր աղբիւրներ ու հետազօտութիւններ: Այն իր կատարած գործով նոր ուղիներ է բացում հայագիտութեան զարգացման եւ միջազգային մակարդակում հայագիտութիւնը նորովի ներկայացնելու համար… Հանդէսը համահայկական արժէք է, որի առանցքը հայագիտութիւնն է: Այն հարթակ է, որտեղ տպագրւում են վաստակ ունեցող, եւ երիտասարդ սերունդները աչքի են ընկնում գիտական ներուժի բազմակողմանի ներգրաւուածութեամբ:… Հանդէսն ունի աւանդոյթներ, որոնց կողքին որդեգրւում են նաեւ նոր աւանդոյթներ: Այն մշտապէս պահում Հայաստան-սփիւռք կապը, որի վկայութիւնն են հայաստանեան յօդուածագիրները, հանդէսի շնորհահանդէսները զուգահեռաբար Հայաստանում անելու հանգամանքը»: Ապա ան ընդգծեց. «Այսօր գիտական հանրոյթը պէտք է առաջնորդուի հայագիտութեան զարգացման գերակայութեամբ: Հայագիտութիւնը պէտք է լինի բոլորիս ռազմավարութիւնը իր ժամանակային ու բովանդակային ողջ ընդգրկուածութեամբ:… Գիտական հանրոյթն այս պարագայում անելիք ունի` նոր արհեստագիտական գործիքակազմով ներկայացնել հայկականութեանն առնչուող ցանկացած նիւթ` ապացուցելով վերջինիս հայկականութեան արմատները եւ թոյլ չտալով որեւէ պետութեան` խեղաթիւրել պատմական փաստերը»:
Հիւր բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ հանդէսի էջերուն մէջ լոյս տեսած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնները. «Ուսումնասիրելով համարների բովանդակութիւնը, յստակ է այն, որ հանդէսը համապարփակ է, ներառում է հայ ազգի գործունէութեան բոլոր ոլորտները, հայագիտութեան բազմաբեւեռ ուղղութիւնները… այստեղ ամփոփուել են Ցեղասպանութեան ժառանգները, յուշագրութիւններ, փաստաթղթեր…»: Անդրադառնալէ ետք ցեղասպանագիտութեան ուսուցման, անոր զարգացման, բանախօսը նշեց, որ` «Այժմ գիտական ուսումնասիրութեան դաշտ են մտնում մեծ թուով աշխատանքներ, որոնք կարելի է անուանել փոքրապատումներ կամ միքրոհետազօտութիւններ», ու շեշտեց յուշագրութիւններու արժէքը` մատնանշելով այպիսիներուն բարոյական արժէքը. «Ձայն տալով վերապրողներին` մենք նրանց հանում ենք մոռացութիւնից` օգտագործելով նրանց որպէս սկզբնաղբիւր, գիտական արդիւնքը համարւում է որոշ չափով Ցեղասպանութեան մասին իրազեկման եւ կանխարգելման միջոց, ու փրկում ենք նրա մասին յիշողութիւնների ջնջումը»: Ան աւելցուց. «Այդ հարցում նոյնպէս հանդէսը մեծապէս նպաստել է ցեղասպանագիտութեան` որպէս առանձին գիտաճիւղի զարգացման: Ցեղասպանագիտական յօդուածներ լուրջ թիւ են կազմում հանդէսի մէջ, անգամ այն յօդուածները, որոնք անմիջապէս չեն վերաբերում այդ ժամանակահատուածին, դրանք Ցեղասպանութեան իրագործման նախադրեալներին կամ յետցեղասպանութեան հետեւանքներին են առնչւում», յիշելով նաեւ, թէ` «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կենտրոնի նախորդ տարիների կազմակերպած Մերձաւոր Արեւելքի սփիւռքի առանձին վայրերի գիտաժողովները եւ դրանց հիման վրայ տպագրուած զեկոյցների ժողովածուների մէջ մեծ տեղ է յատկացուել ցեղասպանագիտութեան տարբեր դրուագների ուսումնասիրութեանը», եւ հաշուեց 38 ցեղասպանագիտական յօդուած-ուսումնասիրութիւններ, որոնք տպուած են հանդէսի 2020-2024 տարիներու 7 գիրքերուն մէջ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ հանդէսի գլխաւոր խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որ դիտել տուաւ, թէ նախորդ տարեշրջանը եղաւ` «Դէպքառատ, տագնապառատ ու ճգնաժամային ոչ միայն Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի առումով, այլեւ համաշխարհային հարթակին վրայ եւս: Յամենայն դէպս, ինչպէս ականատես էք, անցնող տասնամեակներուն հանդէսը մնաց իր աշխատանքային յանձնառութեան վրայ, ու լաւատես ենք, որ կը շարունակէ, այնքան ատեն որ համալսարանին պատկան մարմինները` ի դէմս վեր. Հայտոսթեանին, համոզուած են տարուած աշխատանքին եւ արդիւնքին էականութեան»: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց «վերջին տարիներուն տակաւ կրկնուող, հետեւաբար եւ փաստի վերածուող» իրականութիւն մը` հայերէնախօսութեան նահանջը» եւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ` Լիբանանի երիտասարդ սերունդներուն քով հայերէնը սկսած է դառնալ նեղ, այսինքն` ընտանիքի, հայ միջավայրի մէջ խօսակցելու լեզու… եւ կրնանք հայերէնախօսութիւնն ալ տանուլ տալ» եւ կոչ ըրաւ. «Հիմա, երբ դեռ հայերէնախօսութեան թեր եւ դէմ գործօնները գրեթէ հաւասար են, կամ կարգ մը պարագաներու, նոյնիսկ ի նպաստ են տակաւին հայերէնախօսութեան, պարտինք, գործնապէս ձեռնարկել, լուրջ ծրագրեր մշակել` ելլելով մեր նախորդ փորձառութենէն, եւ գէթ խօսակցական արեւմտահայերէնը պահպանել յաջողինք Միջին Արեւելքի առայժմ ամենախոստմնալից հայօճախին` Լիբանանի մէջ»:
Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց` խմբագրակազմին, անոր աշխատակիցներուն եւ շնորհահանդէսի ներկաներուն, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն հիւրաբար ներկայ գտնուող մասնագէտներուն, ու կեդրոնացաւ հանդէսի այս տարուան խմբագրականի նիւթին` արխիւ հասկացողութեան վրայ:
Վեր. Հայտոսթեան տարաբնոյթ սահմանումներ կատարեց արխիւին առնչութեամբ` զայն նկատելով «տեղեկութիւն ամբարելու միջոց, ոճ եւ տեղ, հաւաքածոյ, գոյութեան իմաստաւորում, երկարամեայ կամուրջ` հինին եւ նորին միջեւ, եւ այս իմաստով` թարմացում»: Ան արխիւը նկատեց ինքնութիւնը ամրապնդող գործիք, մենք մեր արժէքը պատուելու, փոխանցելու միջոց ընդգծելով, որ ան անցեալի պարզը ներկայի ջանքով ապագայի վերածելու առաքելութիւն է, եւ եզրափակեց իր խօսքը` ընդգծելով, որ անարխիւ մարդն ու ժողովուրդը իրենք զիրենք մատնած կ՛ըլլան անվաւեր գոյութեան:
Աւանդական դարձած կարկանդակի հատումէն ետք, անպաշտօն մթնոլորտի մէջ շարունակուեցան շնորհաւորանքները, զրոյցներն ու քննարկումները: